Լիբանանի համար ամերիկեան աշխատանքային խումբի ներկայ պետ Էտուըրտ Կապրիէլ նշեց, որ Լիթանի գետէն հարաւ Հըզպալլայի զինաթափումը միջազգային ընտանիքին համար կարեւոր է, եւ Լիբանանի յառաջընթաց արձանագրելը ցոյց կու տայ: Ան այս մասին յայտնեց «Ժատիտ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին:
Կապրիէլ յայտնեց, որ եթէ Իսրայէլ ինքզինք վտանգուած զգայ, ինքզինք պիտի պաշտպանէ` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը պէտք է ընդունին այն յառաջընթացը, որ տեղի ունեցաւ, որպէսզի շրջանին մէջ համաձայնութեան հասնինք:
Ան նշեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի փաստէ, թէ Լիթանի գետէն հարաւ ապահովութիւն հաստատուեցաւ, եւ ամերիկեան Քոնկրեսին մէջ կայ այն գաղափարը, որ լիբանանեան բանակին պէտք է աջակցիլ, սակայն աշխարհը Հըզպալլայի զինաթափումը կը սպասէ:
Անոր կարծիքով` «ամէն ինչ լաւ է»:
Կապրիէլ յայտնեց, որ Իսրայէլ մագլցում չ՛ուզեր, այնքան ատեն, որ Լիբանան յառաջընթաց կ՛արձանագրէ, եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը սիրէ Լիբանանը եւ կ՛ուզէ անոր օգնել, սակայն յառաջիկայ փուլին թերեւս Կազայով, Սուրիայով եւ Իսրայէլով զբաղած ըլլայ:
«Լիբանան պէտք է Իսրայէլի հետ ուղղակի կերպով բանակցի` անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները լուծելու համար, եւ Ամերիկան յաւիտեանս անոնց միջեւ միջնորդի դեր չի կրնար կատարել», նշեց Կապրիէլ: