Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ ընդունեց Թրիփոլիէն երիտասարդներու եւ երիտասարդուհիներու պատուիրակութիւն մը` ներկայութեամբ երեսփոխան Իհապ Մաթարի:
Մաթար յայտնեց. «Պատուիրակութիւնը վարչապետ Սալամի կողքին կը կանգնի եւ կը զօրակցի անոր ու կառավարութեան որոշումներուն»:
«Անհրաժեշտ է գործադրել օրէնքները եւ անոնց գործադրութիւնը թեթեւի չառնել», շեշտեց երեսփոխանը:
«Թրիփոլին միշտ ալ պետութեան հետ է, անոր եւ վարչապետին կը զօրակցի» նշեց Մաթար:
Վարչապետ Սալամ նաեւ ընդունեց Աւստրալիոյ մէջ Լիբանանի նոր դեսպան Միլատ Ռաատը, Ղազախստանի մէջ Լիբանանի նոր դեսպան Ժորժ Ապու Զէյտը եւ Կիպրոսի մէջ Լիբանանի նոր դեսպան Ժան Մուրատը, նախքան անոնց իրենց աշխատանքի կեդրոն մեկնիլը: