Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Ներկայ կառավարութեան մեծամասնութիւնը չի կրնար անոր մնացեալ անդամներուն հետ փոխհասկացողութենէն դուրս ինքնագլուխ գործել, որովհետեւ կան կառավարութեան մաս կազմող ուժեր, որոնց տեսակէտը նկատի ունենալը պարտադիր է` նկատի ունենալով, որ անոնք լիբանանցի ժողովուրդէն մեծ հատուած մը կը ներկայացնեն, եւ անոնց ներկայացուցչութիւնը Ազգային ուխտին եւ նոյնիսկ սահմանադրութեան մէջ նշուած է, երբ կը խօսուի կառավարութեան մէջ փոխհասկացողութեան մասին»:
«Կառավարութիւնը կ՛ուզէ զէնքի մենաշնորհման խորագիրին տակ քննարկել բանակի ծրագիրը, եւ այս իշխանութենէն ոմանք մօտիկ անցեալին փորձեցին բանակը բախումի մէջ դնել մարդոց հետ, եւ երբ բանակը իր ազգային ու իրաւական պատասխանատուութիւններուն հիմամբ գործեց, իշխանութեան որոշ անդամներ բարկացան եւ անոր դէմ գրգռութիւն կատարեցին, ապահովական պատասխանատուներու ու առնչակից նախարարներու լուսանկարներ հրապարակեցին եւ զանոնք պատասխանատու նկատեցին», ըսաւ երեսփոխանը:
«Փոխանակ զէնքի մենաշնորհումը քննարկելու, կառավարութիւնը պէտք է ճշդէ առաջին, երկրորդ եւ երրորդ օրակարգ մը` իսրայէլեան յարձակումներուն դէմ դնելու, մարդոց պաշտպանելու եւ բանակը իսրայէլեան դիմակայման համար զինելու ձեւը, որովհետեւ Դիմադրութիւնը առնչակից չէ զէնքի մենաշնորհման, որովհետեւ զէնքի մենաշնորհման ու միլիսներու լուծարման սկզբունքը 35 տարի առաջ իրագործուեցաւ, իսկ Դիմադրութիւնը մնաց դիմադրութիւն, որովհետեւ Թաէֆի համաձայնութեան մէջ նշուածին նման հողի ազատագրման կէտին տակ կը գտնուի, ինչպէս կառավարութիւնները 90-ական թուականներէն մինչեւ այսօր հաստատած են», նշեց Ֆատլալլա:
«Զէնքի մենաշնորհման քննարկումը մեզի չի վերաբերիր, եւ եթէ կան միլիսներ, ապա թող երթան ու անոնց զէնքը մենաշնորհման ենթարկեն, իսկ Դիմադրութիւնը դիմադրութիւն է եւ ներկայիս տարածուող այս որակումներէն դուրս է:
«Դիմադրութիւնը պիտի մնայ, եւ ոչ ոք պիտի կարենայ անոր, անոր ընտրանքին, երթին ու զէնքին ձեռք տալ, որովհետեւ Թաէֆի համաձայնութեան մէջ օրինական նկատուած զէնք է, եւ 35 տարի շարունակ օրինական նկատուած է կառավարական աշխատանքային ծրագիրներուն մէջ, որոնք այդ ամբողջ շրջանին կառավարութիւնները վաւերացուցած են», շեշտեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամը:
«Այս կառավարութիւնը նաեւ վերաշինութեան պատասխանատու է, անկախ անկէ, թէ Հըզպալլան ի՛նչ կ՛ընէ կամ պիտի ընէ վերանորոգման առնչուած առաջին փուլը շարունակելու, մասնաւորաբար սահմանամերձ շրջաններուն մէջ: Ներկայ կառավարութիւնը իր աշխատանքային ծրագիրին մէջ յանձնառութիւն ստանձնեց, որ վերաշինութեան պատասխանատու է, եւ մենք պիտի շարունակենք կարելի բոլոր միջոցներով աշխատանք տանիլ` ստիպելու համար, որ անիկա տէր կանգնի իր պատասխանատուութեան», ըսաւ Ֆատլալլա: