– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ արշալոյսին երեք իրերայաջորդ բուռն յարձակումներ գործեց Նապաթիէի մերձակայքը գտնուող Ալի Թահեր բլուրներուն վրայ: Յարձակումները պատճառ դարձան հրդեհներու յառաջացման:
Իսրայէլեան բանակը պնդեց, թէ յարձակում գործած է այն դիրքերուն վրայ, որոնք հարաւային Լիբանանի Ժապալ Շքիֆ շրջանին մէջ Հըզպալլայի կողմէ կ՛օգտագործուէին մարտական գործողութիւններու ղեկավարման համար:
– ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ մեծ հեղինակութեան մը մօտիկ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Ըստ լիբանանեան կառավարութեան զէնքի մենաշնորհման եւ ամբողջովին վերացման նկատմամբ մօտեցումը փոխել յորդորող միջազգային կողմերու հաստատման, Լիբանանին ուղղուած իսրայէլեան սպառնալիքները լուրջ են»:
– ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ նախարարաց խորհուրդը երկուշաբթի օր պիտի գումարէ նիստ մը` ծանօթանալու համար զէնքի մենաշնորհման վերաբերեալ լիբանանեան բանակի ծրագիրի գործադրութեան առաջին զեկուցումին:
– ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Նահար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին կը յայտնէ, որ կառչած կը մնայ ներկայ ընտրական օրէնքին` նշելով. «Անկէ վեր միայն Աւետարանն ու քորանը կան»:
«Նահար»-ի համաձայն, ան այդպիսով ճամբան կը փակէ բոլոր փորձերուն առջեւ բարեփոխելու ընտրական օրէնքը, որուն 2017 թուականին երեսփոխանական պլոքներու եւ կուսակցութիւններու մեծամասնութիւնը համաձայն գտնուեցան:
– ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանի պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Խորհրդարանական ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին տեղի պիտի ունենան: Մնացած ժամանակը ընտրական օրէնքի որեւէ բարեփոխում չ՛արտօներ»:
– ՇԻԻՆԵՐՈՒ իսլամական գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ նշեց. «Թշնամանքի սուրը բարձրացնելու փոխարէն Դիմադրութեան հետ երկխօսութիւն կատարելը տագնապէն դուրս գալու միակ ուղին է»:
– ԺԱԱՖԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան ըսաւ. «Պետութեան հեղինակութիւնը Ռաուշէի ժայռին մէջ չէ, այլ` վերաշինութեան եւ օժանդակութեան ու բարգաւաճման քաղաքականութիւններուն մէջ»:
– ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ականաւոր աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Ռաուշէի ժայռը Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղարներու լուսանկարներով լուսաւորելու դէպքը երեւան բերաւ այն տարակարծութիւնը, որ պատասխանատուները կը թաքցնէին»:
– ՀՆԳԵԱԿԻՆ մօտիկ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Կառավարութեան եւ անոր վարչապետին նկատմամբ արաբական ու միջազգային աննախադէպ աջակցութիւն գոյութիւն ունի` ամբողջացնելու համար կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի կէտերու գործադրումը, նկատի ունենալով, որ Լիբանանի համար ակներեւ ու անփոխարինելի առիթ գոյութիւն ունի, եթէ կառավարութիւնը որոշումները գործադրէ եւ պետութիւնը իր հեղինակութեան վերատիրանայ»:
– ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻ այցելուները քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին` վարչապետ Սալամի մասին. «Խիստ ու վճռական է իր դիրքորոշումներուն մէջ, որոնք կը բխին իր համոզումներէն, որոնք հիմնուած են սահմանադրութեան սկզբունքներուն ու կանոններուն վրայ, որոնք անխտիր կերպով բոլոր լիբանանցիներուն իրաւունքները կ՛երաշխաւորեն»: