Լիբանանեան

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը  Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան հինգշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2025-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ներկայ էին Կեդրոնական կոմիտէի քարտուղար Ճորճ Գրիգորեան, անդամներ` նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ ճարտարագէտ Կարօ Յարութիւնեան: Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ, կուսակցութեան նախագահի քաղաքական եւ ընտրական հարցերու օգնական Սերժ Տաղեր, քաղաքական գրասենեակի անդամներ` նախկին նախարար Ալեն Հաքիմ...

Սալամ Արձագանգեց Պարրաքի «Զարմանալի»  Յայտարարութիւններուն

Սալամ. «Հանրապետութեան Նախագահի Եւ Վարչապետի Յարաբերութիւնները Դատապարտուած Են Համախոհութեան, Եւ Ռաուշէի Ժայռի Խնդիրը Չվերջացաւ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Նահար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետին միջեւ յարաբերութիւնը դատապարտուած է համախոհութեան` բարեկարգումները յաջողցնելու եւ գերիշխանութիւնը տարածելու համար»: «Անհրաժեշտ է այս երկրին մէջ զէնքի մենաշնորհ հաստատել, եւ երդման ճառն ու կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը այդ կը նշեն», շեշտեց ան: «Շրջանին մէջ կան մեծ փոփոխութիւններ, որոնցմէ են սուրիական վարչակարգի տապալումը, իրանեան ազդեցութեան նահանջը, Եմէնի...

«Լիբանանի Հարցերը Ներքին  Երկխօսութեամբ Կը Լուծուին»  Կ՛ըսէ Լարիժանի

Լարիժանի. «Հըզպալլան Ներկայիս Որեւէ Շարժում Չի Կատարեր, Եւ Եթէ Շարժի, Գետնի Վրայ Հաւասարակշռութիւնը Շրջելու Կարողութիւնն Ունի»

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի յայտնեց. «Եթէ Հըզպալլան ներկայիս որեւէ շարժում չի կատարեր, ապա որովհետեւ Լիբանանի եւ սիոնական վարչակարգին միջեւ զինադադարի համաձայնութիւնը չ՛ուզեր խախտել, սակայն գետնի վրայ հաւասարակշռութիւնը շրջելու կարողութիւնը ունի»: Այս մասին հաղորդեց իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը: «Ամերիկացիները պէտք չէ իրենք զիրենք իբրեւ լիբանանցի ժողովուրդի պահապաններ նշանակեն», ըսաւ ան: Պատասխանելով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի` Հըզպալլայի ամսական...

Պարրօ. «Հըզպալլան Զինաթափելու Լիբանանի  Ջանքերուն Հարցով Ամերիկայի Հետ Կապի Մէջ Ենք»

Պարրօ. «Հըզպալլան Զինաթափելու Լիբանանի Ջանքերուն Հարցով Ամերիկայի Հետ Կապի Մէջ Ենք»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ Սէուտական Արաբիոյ Օլա քաղաքին մէջ Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովի ղեկավարներու ժողովի ծիրին մէջ «Հատաս» եւ «Արապիա» պատկերասփիւռի կայաններուն հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Հըզպալլան զինաթափելու Լիբանանի ջանքերուն հարցով Ամերիկայի հետ կապի մէջ ենք»: «Իրանի հետ բանակցութեան դուռը բաց է, հակառակ պատժամիջոցներուն ուժի մէջ մտնելուն», նշեց ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը: Պարրօ նաեւ նշեց. «Անհամբեր կը սպասենք Միացեալ...

Պըրրի. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  Իրենց Ժամկէտին, Եւ Արտերկրի Լիբանանցիներու  Իրաւունքները Ապահովուած Են»

Պըրրի. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` Իրենց Ժամկէտին, Եւ Արտերկրի Լիբանանցիներու Իրաւունքները Ապահովուած Են»

Ամալ շարժումի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան կեդրոնական գրասենեակը կազմակերպեց տարբեր մասնագիտութիւններու շրջանաւարտ համալսարանականներու ի պատիւ հանդիսութիւն մը` հովանաւորութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն ներկայացուցիչը` Ամալի գործադիր մարմինի պետ դոկտ. Մուսթաֆա Ֆողանի Պըրրիի խօսքը կարդալով յայտնեց. «Խորհրդարանական ընտրութիւնները պէտք է կատարուին իրենց ժամկէտին եւ ներկայ օրէնքին հիմամբ, ինչ որ կ՛ապահովէ արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութեան իրաւունքը»: «Իսրայէլեան յարձակումը ամբողջ Լիբանանը կը թիրախաւորէ եւ ոչ...

«Թարեք Մըթրիի Հետ Քննարկեցի Լիբանանի Մէջ  Կալանաւորուած Եւ Անհետ Կորսուած  Սուրիացիներու Թղթածրարը»  Կ՛ըսէ Սուրիացի Պաշտօնատար Մը

Լիբանան Սուրիայէն Ասատի Վարչակարգին Օրով Կատարուած Ահաբեկումներուն Մասին Տեղեկութիւններ Խնդրած Է

Լիբանան-Սուրիա արդարադատական յանձնախումբը չորեքշաբթի օր իր երկրորդ ժողովը գումարեց Պէյրութի մէջ: Ժողովը յատկացուած էր իրաւական հարցերու, որոնց կարեւորագոյնները Լիբանանի մէջ սուրիացի բանտարկեալներու թղթածրարը, սուրիական բանտերուն մէջ անհետացած լիբանանցիներու հարցն ու սուրիացի գաղթականները իրենց երկիրը վերադարձնելու հարցն էին: Յանձնախումբը ժողովի ընթացքին քննարկեց երկու երկիրներուն միջեւ արդարադատական գործակցութեան վերաբերեալ համաձայնութեան նախագիծ մը: «Շարք Աուսաթ» օրաթերթը լիբանանցի պաշտօնատար մը մէջբերելով հաղորդեց. «Լիբանան Սուրիայէն...

Մըթրի. «Նախարարաց Խորհուրդի Յաջորդ Նիստը  Պիտի Քննարկէ Զէնքի Մենաշնորհման  Վերաբերեալ Բանակի Զեկուցումը»

Մըթրի. «Նախարարաց Խորհուրդի Յաջորդ Նիստը Պիտի Քննարկէ Զէնքի Մենաշնորհման Վերաբերեալ Բանակի Զեկուցումը»

Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ հանրապետութեան նախագահը տեղեակ պահած է չորեքշաբթի օր գումարուած Լիբանան-Սուրիա ժողովներու արդիւնքներէն` աւելցնելով, որ անոնք բանակցութիւններ են, որոնք կը նպաստեն Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ վստահութեան ամրապնդման: «Տարբեր թղթածրարները սերտեցինք եւ աշխատանք կը տանինք լուծելու համար առկախ հարցերը, որոնց գլխաւորը լիբանանեան բանտերուն մէջ...

Պու Սաապ. «Ներքին Գործոց Նախարարը Յստակ Էր,  Թէ Արտերկրի Լիբանանցիները  6 Աթոռներու Պիտի Քուէարկեն»

Պու Սաապ. «Ներքին Գործոց Նախարարը Յստակ Էր, Թէ Արտերկրի Լիբանանցիները 6 Աթոռներու Պիտի Քուէարկեն»

Խորհրդարանի փոխնախարար Էլիաս Պու Սաապ ընտրական օրէնքի հարցով խորհրդարանական ենթայանձնախումբի ժողովէն ետք յայտարարեց. «Կառավարութենէն եւ երեսփոխաններէն ոչ ոք կը խօսի խորհրդարանական ընտրութիւններու որեւէ յետաձգման մասին, եւ պնդում կայ, որ անոնք իրենց ժամկէտին տեղի ունենան»: «Ներքին գործոց նախարարը յստակ էր, թէ արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութիւնը 6 աթոռներու համար պիտի ըլլայ», նշեց ան: Պու Սաապ նաեւ աւելցուց. «Ժողովները երկու շաբաթով պիտի առկախենք` ենթայանձնախումբի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը երէկ առաւօտ կանուխ հարաւային Լիբանանի Խարտալի-Ժարմաք ճամբուն վրայ ինքնաշարժ մը հարուածեց: Արձանագրուեցաւ 2 զոհ եւ մէկ վիրաւոր: . ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ստորագրեց 2026 թուականի ամավարկը խորհրդարանին վերադարձնելու թիւ 1478 հրամանագիրը: . «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Մինչեւ այս պահս, մասնաւորաբար Ռաուշէի դէպքէն ետք, նախագահ Աունի եւ Հըզպալլայի միջեւ ուղղակի հաղորդակցութիւն տեղի չէ ունեցած: Որոշուած...

Հաժժար Նախագահ Աունին Ներկայացուց  Խորհրդարանական Ընտրութիւններու  Պատրաստութիւնները

Հաժժար Նախագահ Աունին Ներկայացուց Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Պատրաստութիւնները

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Հաժժար նախագահին ներկայացուց նախարարութեան միաւորներուն մէջ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պատրաստուելու նպատակով ընթացող աշխատանքները: Նախագահ Աուն հանդիպումի ընթացքին շեշտեց. «Անհրաժեշտ է զանոնք կատարել ճշդուած ժամկէտին` յառաջիկայ մայիս ամսուան ընթացքին»: Նախագահը նաեւ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը եւ անոր հետ...

«Գերագոյն Նպատակը Պետութեան Հարցերուն  Լուծման Մէջ Իշխանութեան  Միասնութեան Պահպանումն Է»  Կ՛ըսեն Նախկին Վարչապետները

«Գերագոյն Նպատակը Պետութեան Հարցերուն Լուծման Մէջ Իշխանութեան Միասնութեան Պահպանումն Է» Կ՛ըսեն Նախկին Վարչապետները

Նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթի, Ֆուատ Սինիորա եւ Թամմամ Սալամ յայտնեցին, որ քննարկած են տարբեր մակարդակներու վրայ արձանագրուող զարգացումները: Անոնք ողջունեցին, իրենց աջակցութիւնը եւ կառչածութիւնը վերահաստատեցին նախարարաց խորհուրդի 5 օգոստոսին եւ 5 սեպտեմբերին զէնքը լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը դարձնելու երկու որոշումներուն` անհրաժեշտ նկատելով անոնց գործադրութիւնը, եւ առանց որեւէ ետքայլի կամ տատամսումի այդ նպատակի իրագործումը հետապնդելու: «Ազգային գերագոյն շահը կը պահանջէ, որ բոլորը...

«Հզօր Լիբանան» Համախմբումը Քննարկեց Երկրին Ընկերային Եւ Առողջապահական Զարգացումները

Հզօր Լիբանան. «Այն, Ինչ Որ Խորհրդարանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ, Ընտրութիւններու Կայացումը Արգիլելու Մտադրութեանց Գոյութիւնը Ցոյց Կու Տայ»

Հզօր Լիբանան երեսփոխանական համախմբումը երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի գլխաւորութեամբ իր հերթական ժողովի աւարտին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` նշելով. «Խորհրդարանին մէջ օրէնսդրական նիստը պոյքոթի ենթարկելը երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը ուժի մէջ գտնուող օրէնքի բարեփոխման պատրուակով արգիլելու մտադրութիւններու գոյութիւնը ցոյց կու տայ»: Համախմբումը անդրադարձաւ ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարներուն արտերկրի լիբանանցիներուն արձանագրումը 2 հոկտեմբերին սկսելու որոշումին եւ յայտնեց. «Կառավարութիւնը պէտք է օրէնքի գործադրութեան համար բոլոր...

Պայրագտարեան ՄԱԿ-ի Մէջ  Հանդիպումներ Ունեցաւ

Պայրագտարեան ՄԱԿ-ի Մէջ Հանդիպումներ Ունեցաւ

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ երիտասարդութեան շուրջ համաշխարհային աշխատանքի ծրագիրի 30-ամեակին առիթով գումարուած բարձրաստիճան ժողովի ծիրին մէջ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, որոնցմէ մէկը ՄԱԿ-ի երիտասարդութեան գրասենեակի պետ դոկտ. Ֆիլիփէ Փոլիէի հետ էր: Հանդիպումը յատկացուեցաւ նախարարութեան եւ ՄԱԿ-ի գրասենեակին միջեւ համակարգումի կարելիութիւններուն, մասնաւորաբար ելեկտրոնային հարթակի միջոցով, զոր նախարարութիւնը մտադիր է մօտ օրէն մեկնարկելու: Պայրագտարեան...

Իզզէտտին. «Ամերիկեան Ուժի Տրամաբանութիւնն  Ու Լիբանանի Վրայ Ճնշումները Կ՛օգտագործէ  Դիմադրութիւնը Տկարացնելու Համար»

Իզզէտտին. «Ամերիկեան Ուժի Տրամաբանութիւնն Ու Լիբանանի Վրայ Ճնշումները Կ՛օգտագործէ Դիմադրութիւնը Տկարացնելու Համար»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզզէտտին յայտնեց. «Ամերիկան այսօր կ՛ուզէ աշխարհին իշխել, ուստի մարդիկը կը դնէ պատերազմի կամ անձնատուութեան, ենթակայութեան, տիրապետութեան, հարստութիւններու թալանման երկընտրանքին առջեւ: Ան կ՛օգտագործէ ուժի տրամաբանութիւնը, որմէ այլ բան բացարձակապէս չի գիտեր»: «Այսօր Լիբանանի վրայ գործադրուող բոլոր ճնշումներուն նպատակը մէկ է` Դիմադրութեան եւ Լիբանանի, այս ժողովուրդի ու շրջանակի զէնքը ինչպէս խլելը եւ զանոնք կարողութենէ ու ուժէ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԼԻԲԱՆԱՆԻ պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ընդհանուր դատախազ, դատաւոր Ժամալ Հաժժար անցեալ ուրբաթ օր Ռաուշէի ժայռի լուսաւորման հարցին մէջ իրենց անունները նշուած երկու անձերու որոնման հրամանագիր ստորագրած է, որովհետեւ նշեալ անձերը հարցաքննութեան կանչուած են, սակայն մերժած են ներկայանալ: . ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի եւ վարչապետ Սալամի հանդիպումը նպաստեց անոնց միջեւ մթնոլորտի մեղմացման, մանաւանդ որ անոնք Ռաուշէի հաւաքին...

Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը

Աուն Եւ Սալամ Քննարկեցին Ռաուշէի Դէպքը

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը: Նախագահը հանդիպումի ընթացքին վարչապետին հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր կացութիւնն ու Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 80-րդ նիստի իր մասնակցութեան ծիրին մէջ իր ունեցած ժողովներուն արդիւնքները: Նախագահն ու վարչապետը նաեւ քննարկեցին երկրի ներքին կացութիւնն ու Ռաուշէի մէջ տեղի ունեցածի կարգաւորման կարելիութիւնները: Վարչապետ Սալամ երէկ խորհրդարանին մէջ նաեւ...

Լիբանան Կ՛ողջունէ Թրամփի Ծրագիրը

Լիբանան Կ՛ողջունէ Թրամփի Ծրագիրը

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտարարեց, թէ կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելու ծրագիրը: Աուն գնահատեց «Միացեալ Նահանգներու նախագահին մարդկային արդարութեան ու մարդկային արժանապատուութեան սկզբունքներու հիմամբ Կազայի մէջ քաղաքայիններու եւ անմեղներու տառապանքին վերջ տալու, արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու եւ կայուն ու բարգաւաճ Միջին Արեւելքի համար հասարակաց աշխատանք տանելու ջանքերը»: Նախագահը յոյս յայտնեց, որ կարելի եղածին չափ շուտ ծրագիրին շուրջ...

Խորհրդարանը Օրինաթիւի Չգոյութեան  Պատճառով Չկրցաւ Իր Ժողովը Գումարել

Խորհրդարանը Օրինաթիւի Չգոյութեան Պատճառով Չկրցաւ Իր Ժողովը Գումարել

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով խորհրդարանի նիստը փակուած յայտարարեց: Արդարեւ, միայն 45 երեսփոխաններ ներկայացան ժողովասրահ: Մէկ օր առաջ Փաղանգաւորներու երեսփոխանական պլոքի, Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի, ինչպէս նաեւ անկախ եւ բարեկարգչական երեսփոխաններու խորհրդարանի նիստէն հեռանալուն պատճառով նիստը կորսնցուցած էր իր օրինաթիւը, եւ Պըրրի ժողովը երէկուան նշանակած էր: Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ նիստէն առաջ նշեց. «Եթէ այսօր օրէնսդրական...

«Թրամփի Շրջան Այցելութիւնը Շատ Կարեւոր Է, Եւ Անկասկած Լիբանանի Թղթածրարը  Բանակցութեան Սեղանին Է»  Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Դեսպանը

Մուսա. «Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Յետաձգումը Լաւ Պատգամ Մը Պիտի Չըլլայ»

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալլա Մուսա յայտնեց. «Խորհրդարանական ընտրութիւններու նիւթը Լիբանանի համար հիմնական հարց է, եւ մենք զանոնք իրենց ժամկէտին կատարելուն հետ ենք: Կը յուսանք, որ ընտրական օրէնքին վերաբերեալ լաւագոյն ընտրանքին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյանայ»` աւելցնելով, որ ընտրութիւններուն յետաձգումը  լաւ պատգամ մը պիտի չըլլայ: Դեսպանը «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին շեշտեց. «Լիբանանի կայունութիւնը մեզի համար հիմնական հարց է»: «Արաբական եւ իսլամական...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի Միացեալ Նահանգներէն վերադառնալէն ետք խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի հետ հանդիպիլն ու վարչապետ Սալամին հետ չհանդիպիլը, նախագահին ու վարչապետին միջեւ գոյութիւն ունեցող տագնապի տարողութեան ցուցանիշ է»: . ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Վարչապետ Սալամ երէկ գոհ չէր նախագահի կեցուածքէն, եւ զայն նկատեց ամբողջովին միւս կողմին կողմնակից, որովհետեւ նախագահէն չլսեց որեւէ նախադասութիւն, որ կը քննադատէ այն, ինչ որ...

Page 87 of 986 1 … 86 87 88 … 986

Արխիւներ