Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 7, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը երէկ կէսօրին Նապաթիէի նահանգի Զըպտին գիւղի ճամբուն վրայ ինքնաշարժ մը հարուածեց: 2 զոհ եւ մէկ վիրաւոր արձանագրուեցաւ:

– ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Մնասսա երէկ այցելեց վարչապետարան եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին ներկայացուց Սէուտական Արաբիա իր այցելութեան արդիւնքները:

Ան Սէուտական Արաբիոյ Օլա քաղաքին մէջ մասնակցած էր Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովին:

– ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Հըզպալլայի երեսփոխաններն ու պատասխանատուները տարակարծութեան նիւթին շուրջ իրենց մագլցումը ձեւաւորեցին այնպէս մը, որ կարծէք այդ տարակարծութիւնը բացառապէս իրենց ու վարչապետ Սալամի միջեւ է, եւ ոչ թէ կառավարութեան եւ անոր աշխատանքային ծրագիրին մէջ որդեգրուած քաղաքականութեան»:

– ԱԽՊԱՐ օրաթերթ. «Վարչապետ Սալամ վերածուեցաւ ներքին կեանքին մէջ լարուածութեան մնայուն որոնողի, ինչ որ ահազանգի մատնած է ոչ միայն Հըզպալլան, այլ նաեւ նախագահ Ժոզեֆ Աունը, որ իր մտերիմներուն ըսած է, թէ վարչապետին քայլերը անհասկնալի եւ անտրամաբանական են: Տեղեկութեան համաձայն, Աուն կը սպասէ, որ այսօրուան նիստը թէժ ըլլայ»:

– «ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Արդարադատութեան նախարար Հաժժարը իբրեւ ուղղակի առնչակից եւ վարչապետի պահանջով ներկայացուց «Ռիսալաթ» միութեան արտօնագիրը յետս կոչելու դիմումը, թէկուզ ոչ պնդումին չափ Սալամին, որ յստակ է, թէ ետդարձ պիտի չկատարէ հարցի մը մէջ, որ զինք ու կառավարութեան աշխատանքը կը վտանգէ»:

– «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Անցնող ժամերուն տեղի ունեցած հաղորդակցութիւններուն ընթացքին նախարարաց խորհուրդին մէջ «Ռիսալաթ» միութեան լուծարման հարցին արծարծման վերաբերեալ ելք մը չգտնուեցաւ, եւ այն, ինչ որ հարցերը աւելի բարդացուց, Հըզպալլայի երեսփոխաններուն կատարած մագլցումն է, մինչ վարչապետ Սալամ կը պնդէ այս կէտին ու անոր նկատմամբ մինչեւ վերջ երթալու վրայ»:

– ՊԱԱՊՏԱՅԻ պալատի աղբիւրները «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն աշխատանք պիտի տանի նախարարաց խորհուրդին մէջ քուէարկութենէն խուսափելու` արգիլելու համար լարուածութեան աճը, եւ պիտի պահանջէ «Ռիսալաթ» միութեան վերաբերեալ որեւէ որոշում տալէ առաջ Ռաուշէի դէպքերուն շուրջ հետաքննութիւնը աւարտել»:

– ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Անկարելի է, որ բանակը վերադառնայ Իսրայէլի հետ սահմանին վրայ իր զինուորական դիրքերուն, ուր տեղակայուած էր, մասնաւորաբար այն դիրքերուն, որոնք կը գտնուին կեդրոնական շրջանին մէջ, երբ Իսրայէլ կը շարունակէ հինգ կէտերու իր բռնագրաւումը»:

– «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթ. «Երեսփոխանական քուլիսներու մէջ սկսաւ խօսակցութիւն ըլլալ, թէ Ֆրանսան կը սերտէ միջնորդութիւն կատարել` ընտրական օրէնքը ներկայ տեղքայլէն դուրս բերելու համար` այն հիմամբ, որ արտերկրի լիբանանցիները ներկայացնող 6 աթոռներու ստեղծման աշխատանքը կը սառեցուի, եւ մեծամասնութիւնը աչք կը փակէ թիւ 112-րդ յօդուածը ջնջելուն նկատմամբ, ինչ որ արտերկրի լիբանանցիներուն կ՛արտօնէ իրենց գտնուած վայրերուն մէջ քուէարկելու 128 երեսփոխաններու»:

Նախորդը

Ճատրակ. Քարուանա Շահեցաւ 2-րդ «Կրանտ Չես Թուր» Տիտղոսը. Արոնեան` 3-րդ

Յաջորդը

Պատուիրակութեան Մը Ընկերակցութեամբ Վարչապետարան Այցելելով` Մաթար. «Թրիփոլին Պետութեան Կողքին Է Եւ Անոր Ու Վարչապետին Կը Զօրակցի»

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց «Ռիսալաթ»-ի Աշխատանքը Մինչեւ Հետաքննութեան Աւարտը Առկախել
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց «Ռիսալաթ»-ի Աշխատանքը Մինչեւ Հետաքննութեան Աւարտը Առկախել

Հոկտեմբեր 7, 2025
Շըրրի. «Սալամ «Ռիսալաթ»-ի Օրակարգին Նկատմամբ Կամայական Դրսեւորում Կը Ցուցաբերէ»
Լիբանանեան

Շըրրի. «Սալամ «Ռիսալաթ»-ի Օրակարգին Նկատմամբ Կամայական Դրսեւորում Կը Ցուցաբերէ»

Հոկտեմբեր 7, 2025
Ֆատլալլա.   «Կառավարութիւնը Զէնքի Մենաշնորհումը Քննարկելու Տեղ Պէտք Է Իսրայէլեան Յարձակումներուն Դէմ Դնելու Կարելիութեան Շուրջ Օրակարգեր Ճշդէ»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Կառավարութիւնը Զէնքի Մենաշնորհումը Քննարկելու Տեղ Պէտք Է Իսրայէլեան Յարձակումներուն Դէմ Դնելու Կարելիութեան Շուրջ Օրակարգեր Ճշդէ»

Հոկտեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?