Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 8, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ՌԱՄՔՕ ընկերութիւնը յայտարարեց, թէ կը դադրի Մեթնի եւ Քեսրուանի գաւառներէն, ինչպէս նաեւ Պէյրութ քաղաքի վարչական տարածքէն աղբերը հաւաքելէ, որովհետեւ Ժտէյտէի աղբանոցը դադրած է աղբեր ընդունելէ` աւելցնելով, որ կը սպասէ աղբանոցի վերաբացման, որպէսզի վերականգնէ իր աշխատանքը:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը հարաւային Լիբանանի Տէյր Ամես գիւղին մէջ հարուածեց ինքնաշարժ մը: Արձանագրուեցաւ զոհ մը եւ վիրաւոր մը:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը հարաւային Լիբանանի Եաթեր գիւղին մէջ քարշակ մը հարուածեց: Արձանագրուեցաւ զոհ մը:

– ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ Զըպքինի եւ Եաթերի մերձակայքին վրայ իսրայէլեան օդային յարձակումի պատճառով վիրաւորներ արձանագրուեցան:

– ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս Միտիա»-ին. «Այն, ինչ որ լիբանանեան բանակին կ՛արգիլէ հարաւային Լիբանանի մէջ տարածուիլ, միայն իսրայէլեան բռնագրաւումը չէ, որովհետեւ բանակը տակաւին անկարող է զսպելու շարժումները Հըզպալլայի, որ կը վերադիրքաւորուի: Ուստի, հարաւային Լիբանանի եւ Պեքայի մէջ արձանագրուող մագլցումը պիտի շարունակուի»:

– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանեան պատասխանատու հեղինակութիւնները երաշխիքներ չստացան, թէ Կազայի համաձայնութենէն ետք Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակում տեղի պիտի չունենայ, սակայն ի յայտ կու գայ, թէ նշեալ հեղինակութիւնները դիւանագիտական աղբիւրներէ ցուցանիշեր ստացած են, թէ իրենք յոռետես ըլլալու հակուած չեն»:

– «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Լիբանանի մէջ մեծ պետութեան մը դեսպանը վերջին ժամերուն իր զրուցակիցներուն յայտնած է. «Միջազգային զարգացումները համաշխարհային տարողութեամբ կ՛արագանան, եւ Լիբանանի կացութիւնը, կրնամ ըսել, թէ մուտք գործած է, կամ աւելի ճշգրիտ` մղուած է անորոշ ժամանակով բացասական լճացման ոլորապտոյտի մէջ: Ես խորապէս մտահոգ եմ, որ Լիբանանը բոլոր մակարդակներուն վրայ արիւնահոսութեան կ՛ենթարկուի»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Պէյրութի նաւահանգիստի ամբարները վերաշինելու հարցը կախեալ է տնտեսութեան եւ փոխադրամիջոցներու նախարարութիւններէն: Երկրագործութեան նախարարութիւնը ունի յորդանանեան փորձառութեան վրայ հիմնուած ծրագիր մը` կառուցելու ամբար մը, որ յատկացուած է կակուղ ցորենի, որ Լիբանանի մէջ կ՛արտադրուի»:

– ԱՐԴԱՐԱԴԱՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանեան բանտերուն մէջ կալանաւորուած սուրիացիներու հարցի վերջնական լուծումը տակաւին չյստակացաւ, որովհետեւ կալանաւորուած են շուրջ 2600 սուրիացիներ, որոնց 180-ը իսլամականներ են, որոնք ձերբակալուած են ահաբեկչական որակուած խմբաւորումներու անդամակցութեան առնչուած մեղադրանքով»:

– 95 օքթան պենզինին գինը նուազեցաւ 13.000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.468.000 լ.ո.-ի, 98 օքթանինը` 12.000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.508.000 լ.ո.-ի, իսկ մազութին գինը` 4000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.375.000 լ.ո.-ի: Պիւթակազին գինը բարձրացաւ 19.000 լ.ո. եւ հասաւ 1.115.000 լ.ո.-ի:

 

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Այս Շաբաթ` ՀՄԸՄ-Պէյրութ Ֆըրսթ

Յաջորդը

Կապրիէլ. «Լիբանան Պէտք Է Ուղղակի Կերպով Իսրայէլի Հետ Բանակցի. Ամերիկան Չի Կրնար Անոնց Միջեւ Յաւիտեանս Միջնորդութիւն Կատարել»

RelatedPosts

Լիբանան Այցելելով`  Շիպանի.  «Երկու Երկիրներուն Միջեւ Գործակցութեան Վրայ  Հիմնուած Նոր Էջ Բացինք»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանան Այցելելով` Շիպանի. «Երկու Երկիրներուն Միջեւ Գործակցութեան Վրայ Հիմնուած Նոր Էջ Բացինք»

Հոկտեմբեր 11, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Բարեփոխման Խորհրդարանական Նիստ Պիտի Չգումարուի, Կարծիքս Պիտի Չփոխեմ Եւ Անոր Վրայ Հաստատ Պիտի Մնամ»

Հոկտեմբեր 11, 2025
Սքաֆ. «Նախագահ Աունը Հըզպալլայի Օգտին Կողմնակալութեան Յանցանքով Ամբաստանելը Անընդունելի Է»
Լիբանանեան

Սքաֆ. «Նախագահ Աունը Հըզպալլայի Օգտին Կողմնակալութեան Յանցանքով Ամբաստանելը Անընդունելի Է»

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?