Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Տէյվիտ Հէյլ «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Խորհրդարանական ընտրութիւնները նախապէս տեղի ունեցած են զէնքի գոյութեան պայմաններուն մէջ, այս անգամ զայն յետաձգելու պատրուակ չկայ, եւ Հըզպալլան տեղի ունեցածին լոյսին տակ չի կրնար քուէարկողներուն նեղութիւն պատճառել»:
«Այն, ինչ որ լիբանանեան բանակը կը կատարէ, կը նպաստէ Լիբանանի մէջ կացութեան զարգացման, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի Հըզպալլայի հարցին:
«Ատակ զինուորները եթէ իրենց կատարածը չընէին, Լիբանանը հիմա այստեղ հասած չէր ըլլար», նշեց ան:
Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպանը նաեւ շեշտեց. «Ստեղծուած բացը լեցնելու համար լիբանանեան բանակին այլընտրանք չկայ»: