Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ժորժ Օքայս «Լուպնան Հուր» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնը կը մշակուի զէնքը յանձնելու գործողութենէն եւ պետութեան իր գերիշխանութիւնը լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ տարածելէն ետք, եւ ոչ թէ անկէ առաջ ապօրինի զէնքի հետ համակեցութիւնը քննարկելու համար: Ատիկա խաբկանք է եւ մեծ խուսանաւում մը, որ ոչ ոք կը համոզէ, եւ զայն բացարձակապէս պիտի չընդունինք»:
«Այսօր հակասութիւն կայ երկու հռետորաբանութեան միջեւ` պետութեան պաշտօնական հռետորաբանութիւնը, որ ներկայացուած է 5 եւ 7 օգոստոսին ապօրինի զէնքէն օրինականութիւնը խլելու համար եւ զայն հաւաքելով իր մենաշնորհը դարձնելու կառավարութեան որոշումներով, իսկ միւս հռետորաբանութիւնը, որ վերջերս կը հնչէ Հըզպալլայի եւ շիի երկեակին կողմը, որուն համաձայն, վերականգնեցինք մեր կարողութիւնները, վերականգնեցինք մեր ուժն ու առողջութիւնը: Այս կացութեան մէջ որո՞ւ կը հաւատաս», հարց տուաւ երեսփոխանը:
«Ես անձնապէս հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի որդեգրած հանդարտ եւ իմաստուն մօտեցումին հետ եմ, սակայն ան պէտք է առնուազն լիբանանցի ժողովուրդին նշան մը կամ տպաւորութիւն տայ, թէ այսօրուան պետութիւնը երէկուան պետութենէն տարբեր է, եւ զայն հանգստացնէ, թէ օրէնքը առանց արգելքի կամ վախի բոլորին վրայ պիտի կիրարկէ: Այլապէս թող այս երկիրը բաց անտառ մնայ, եւ այդ ատեն իւրաքանչիւր կողմ իր յարմար դատածը կ՛ընէ», յայտնեց Օքայս:
«Նախագահ Աունի հետ որեւէ խնդիր չունինք, ո՛չ ալ որեւէ քննադատութիւն սեղանին վրայ գտնուող թղթածրարներուն անոր մօտեցումին (…) սակայն անկեղծօրէն չենք գիտեր, թէ ինչպէ՛ս պիտի հասնինք մեր ու անոր հասարակաց նպատակին` զէնքի մենաշնորհման եւ պետութեան հեղինակութեան պարտադրման», ըսաւ ան:
«Վարչապետ Սալամին վրայ մեծ յարձակում գոյութիւն ունի, որովհետեւ ան տոկուն ու յամառ է, եւ կը մերժէ զէնքի մենաշնորհման որոշումէն ետդարձ կատարել: Անոնց ծրագիրին նպատակը զինք ընտելացնելն ու իրենց կամքին ենթարկելն է` անոր վրայ ճնշում բանեցնելով, որպէսզի մաս կազմէ համակարգին, եւ կամ ալ զինք յուսահատեցնել` հրաժարելու մղելու համար: Մենք անոր կոչ կ՛ուղղենք իր դիրքորոշման վրայ հաստատ մնալու, որովհետեւ Լիբանանի մէջ բոլոր հաւատարիմներն ու պատուաւորները անոր ետին են», յայտնեց Օքայս:
Ան ողջունեց Պէյրութի բնակիչները, որոնք հանդարտութիւն ու քաջութիւն ցուցաբերեցին Ռաուշէի ժայռին մօտ կատարուած ձեռնարկին ընթացքին եւ գրգռութեան, սադրանքի ու արիւնալի բախումի չդիմեցին:
«Չէինք սպասեր, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին տարակարծիք ըլլայ երեսփոխանական մեծամասնութեան հետ, որ կը պնդէ, որ արտերկրի լիբանանցիները 128 երեսփոխաններ ընտրեն: Մենք կ՛ուզենք, որ ընտրութիւնները այսօր տեղի ունենան, նախքան վաղը, եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը շաբաթ օր մեկնարկը տուաւ ընտրական մեքենային, որպէսզի ցոյց տանք մեր լրջութեան եւ զանոնք կատարելու մեր պնդումին տարողութիւնը», եզրափակեց Օքայս: