Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Պրիւքսէլ` մասնակցելու համար Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին:
Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ ինք համաձայն գտնուած է կառավարութեան արտակարգ նիստ մը գումարելու` ընդգծելով, որ նախարարաց խորհուրդին նիստը անհրաժեշտ է` Լիբանանի արտաքին քաղաքականութիւնը Սուրիոյ տագնապէն չէզոք պահելու եւ արաբական համախոհութեան յանձնառու մնալու տարազին հիման վրայ վերահաստատելու համար:
Պըրրի յայտնեց նաեւ, որ ինք ոչ մէկ արգելք ունի, որ նախարարական յանձնախումբ մը ուղղուի Ռիատ` լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւններու սրբագրումին նպատակով:
Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ Լիբանանի եւ արաբական երկիրներուն, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները պէտք է ամրապնդուած պահել:
Անդրադառնալով լիբանանեան բանակին նկատմամբ սէուտական օժանդակութիւնները կասեցնելու մասին կատարուած յայտարարութիւններուն` Պըրրի շեշտեց, որ շատախօսութիւնը քանդումի կը տանի` աւելցնելով, որ լիբանանեան լարուած կացութիւնը քաղաքական ըսի-ըսաւի եւ սադրանքի կարելի չէ ենթարկել:
Ան դիտել տուաւ, որ Իրան փութացած է դատապարտելու Թեհրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դէմ գործուած յարձակումը` հարց տալով, որ արդեօք Լիբանան Իրանէն աւելի հզօ՞ր երկիր մըն է, որ իր ուրոյն կեցուածքը ունենայ:
Սէուտական Արաբիա այցելութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի ըսաւ. «Սէուտական Արաբիա այցելութեան հրաւէր մը ստացած եմ եւ անոր պիտի ընդառաջեմ, երբ որ յարմար տեսնեմ»: