Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 24, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ անկարող կառավարութենէն փրկուելու միակ ձեւը հաւասարակշռուած նախագահի մը ընտրութիւնն է:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան խստիւ դատապարտեց Հոմսը եւ Դամասկոսը հարուածած պայթումները. ան նաեւ  լիբանանցիներէն պահանջեց գիտակից կերպով ընդունիլ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան վտանգները:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան շեշտեց, որ Լիբանանը պէտք է հեռու պահել շրջանային տագնապներէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի հանդիպում մը ունենալէ ետք յոյն ուղղափառ համայնքի Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին հետ, յայտնեց, որ եթէ Լիբանան հանրապետութեան նախագահ ունենար, ապա ներկայի բոլոր բախումները տեղի չէին ունենար:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ վերջին որոշումը տրուեցաւ, երբ վարչապետ Թամմամ Սալամ ողջունեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կեցուածքը, որ արտասանուած էր Արաբական լիկայի արտակարգ նիստին ընթացքին:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւումը դիւրաւ կարելի չէ իրագործել` աւելցնելով, որ անիկա երկար ժամանակի պիտի կարօտի:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ նախարարներէն պահանջած է համապատասխան հաղորդակցութիւնները կատարել` Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի շեշտեց, որ Լիբանանի որդեգրած պաշտօնական կեցուածքը կ՛ենթադրէ, որ երկիրը ինքզինք զերծ կացուցէ շրջանային տագնապներէն` կառչած մնալով արաբական համախոհութեան:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ ինք Հըզպալլայի դէմ իր կեցուածքները պիտի շարունակէ, նոյնիսկ եթէ այդ կեցուածքներուն պատճառով իր կեանքը վտանգի ենթարկէ: Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը կ՛ենթարկուի Հըզպալլայի բանեցուցած ճնշումներուն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի սկսած է գործնական քայլերու դիմել` ստեղծելու համար քաղաքական խմբաւորում մը, որուն մաս կը կազմեն ինք եւ երեսփոխաններ Խալետ Տահեր եւ Մույին Մերեհպի:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայէս շեշտեց, որ Իրան երեւակայական կարգախօսներ կը մատուցէ Լիբանանին` աւելցնելով, որ Թեհրան օր մը օրանց պիտի չզօրակցի Լիբանանի մէջ պետութեան կերտման հոլովոյթին:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆիէն խնդրեց յետս կոչել իր հրաժարականը եւ շարունակել կառավարութեան մէջ իր աշխատանքը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կոչ ուղղեց կառավարութեան որդեգրելու այնպիսի որոշումներ, որոնք Սէուտական Արաբիոյ հետ վստահութիւնը կը վերահաստատեն:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Պայան» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով լիբանանեան աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ պահանջուածը Լիբանանի չէզոք կեցուածքը ամրապնդող արագ որոշումներու որդեգրումն է:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ Մուսթաքպալ հոսանքի կարգ մը երեսփոխաններ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի հրաժարականին մասին իմացան լրատուամիջոցներէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներ կը հաստատեն, որ Աշրաֆ Ռիֆիի առած քայլը չ՛ենթադրեր, որ  Մուսթաքպալ հոսանքի բոլոր նախարարները նոյն կեցուածքը որդեգրեն:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչ Սամիր Քրայտիէ մտահոգութիւն յայտնեց, որ Լիբանան կրնայ անջատուիլ արաբական իր շրջանակէն:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի հրաժարելու որոշումը ինքնագլուխ եղած է` առանց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ համադրելու: Ըստ նոյն օրաթերթին, սէուտական որոշումը շրջանային առումով իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Լիբանանի ապահովութեան վրայ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանան վերադառնալէն ի վեր Հըզպալլայի դէմ կը պայքարի` նախագահական ընտրութեան տագնապը լուծելու փոխարէն:

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ քաղաքական տարակարծութիւնները երկրին ապահովական կացութեան վրայ իրենց ուղղակի ազդեցութիւնը չեն ունենար:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ Լիբանանը ազատագրող եւ Իսրայէլը տապալող կողմին արաբական ինքնութիւնը անկարելի է կասկածի տակ առնել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ կառավարութեան հաղորդագրութիւնը ողջունելի է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Պայան» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ  հաստատած է, որ իր պատասխանատուութիւնները պիտի շարունակէ ստանձնել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի խորհրդատու Ուեհպէ Քաթիշա հաւանական նկատեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական սպանութիւնները կամ 7 մայիսի օրերը վերադառնան:

ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյ շեշտեց, որ Լիբանանի դրամատնային մարզը չէզոք կերպով կը գործէ եւ անիկա բոլոր քաղաքականութիւններէն անկախ է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ Հըզպալլա Լիբանանի վրայ բանեցնէ իր իշխանութիւնը, յատկապէս երբ ան բացայայտօրէն միացած է պարսկական ծրագիրին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան իրենց կեցուածքներուն` աւելցնելով, որ օրէնսդիր աշխատանքը կը սկսի ընտրական նոր օրէնքի մշակումէն:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով ֆրանսական աղբիւրներէ, կը գրէ, որ Թեհրանի համար Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան առաջադրումը սէուտական-ֆրանսական խուսանաւում է:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան որոշումը կրնայ չհրապարակուիլ, եթէ վարչապետ Թամմամ Սալամ չ՛երաշխաւորեր, թէ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ այդ որոշումը կրնայ ողջոյնի արժանանալ:

 

Նախորդը

Անգարան Լաւատես Չէ. Էրտողան. «Թուրքիան Լուռ Պիտի Չմնայ Մեր Պատմական Ու Ապագայ Գործընկեր Սուրիոյ Մէջ Ողբերգութեան Նկատմամբ»

Յաջորդը

Ժոմպլաթ. «Կառավարութիւնը Հրապարակեց Զօրակցական Հաղորդագրութիւն Մը` Սէուտական Արաբիոյ Նուիրատուութիւնները Վերստանալու Նպատակով»

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Ընդունեց Լը Տրիանը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Լը Տրիանը

Յունիս 12, 2025
Պըրրի. «Լիբանանն ու Հարաւի Բնակիչները  Ուրիշներէն Առաջ ՖԻՆԻՒԼ-ին Իրենց  Գիւղերուն Մէջ Մնալը Կ՛ուզեն»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Լիբանանն ու Հարաւի Բնակիչները Ուրիշներէն Առաջ ՖԻՆԻՒԼ-ին Իրենց Գիւղերուն Մէջ Մնալը Կ՛ուզեն»

Յունիս 12, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Լիբանանի Մէջ  ՄԱԿ-ի Մարդասիրական Հարցերու Յանձնակատարը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Մարդասիրական Հարցերու Յանձնակատարը

Յունիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?