Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Արաբական Համախոհութեան Եւ Լիբանանեան Միասնականութեան Միջեւ Ընտրութիւն Կատարելու Պարագային Մենք Կը Զօրակցինք Երկրորդին»

Փետրուար 23, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժըպրան Պասիլ
Ժըպրան Պասիլ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ երեկոյեան տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ սէուտական կեցուածքին յայտարարութեան յաջորդած քաղաքական աղմուկը ներքին եւ աժան նպատակ կը հետապնդէ:

Պասիլ նշեց, որ արաբական համախոհութեան եւ լիբանանեան միասնականութեան միջեւ ընտրութիւն կատարելու պարագային իրենք կը զօրակցին երկրորդին:

Պասիլ յայտնեց, որ կառավարութիւնը հիմնուած է այն սկզբունքին վրայ, որ արաբական երկիրները հասկացողութիւն ցուցաբերեն լիբանանեան ազգային միասնականութեան նկատմամբ: «Իսկ եթէ արաբական երկիրները Լիբանանի պարզած իւրայատուկ պատկերը եւ գործիքակազմը պիտի չհասկնան, ապա մենք լուրջ հարցի դիմաց կը գտնուինք», ըսաւ ան:

Պասիլ շեշտեց, որ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ յայտարարուած կեցուածքները շատ աւելի կարեւոր եւ լուրջ եղած են արաբական միասնականութեան նկատմամբ, քան կառավարութեան երէկուան բանաձեւը: «Մենք առաջին իսկ վայրկեանէն դատապարտած ենք Թեհրանի մէջ սէուտական դեսպանատան եւ անոր անձնակազմին դէմ գործուած յարձակումը, սակայն մերժած ենք այն հաղորդագրութիւնը, որ Հըզպալլան կ՛ամբաստանէր` նկատի ունենալով, որ Հըզպալլա լիբանանեան քաղաքական կեանքին եւ երկրին բաղկացուցիչ հիմնական շերտերէն է», ըսաւ ան:

Պասիլ յոյս յայտնեց, որ արաբական պետութիւնները հասկացողութիւն կը ցուցաբերեն իրենց կեցուածքներուն նկատմամբ` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը կարիքը ունի զէնքի, ոչ միայն Լիբանանը, այլ նաեւ բոլոր լիբանանցիները պաշտպանելու ահաբեկչութեան դէմ:

Պասիլ հաստատեց, որ իրենք աւելի քան  յանձնառու են արաբական երկիրներուն մէջ ապրող լիբանանցի քաղաքացիներուն` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը չի փափաքիր այլ պետութիւններու ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալ, այլ պարզապէս կը խնդրէ իրենց նկատմամբ հասկացողութիւն ցուցաբերել:

Նախորդը

Եարզէի Մէջ . «Կը Մերժենք Այս Կամ Այն Առանցքին Մաս Կազմել» Շեշտեց Ժոմպլաթ

Յաջորդը

Պրիւքսէլի Մէջ . Պըրրի Կը Մասնակցի Եւրոպական Խորհրդարանի Լիագումար Նիստին

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?