
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ լիբանանեան մակարդակով իրենք քաղաքական բոլոր ուժերուն նկատմամբ բաց քաղաքականութիւն կը կիրարկեն, հակառակ իրենց քաղաքական դաշինքներուն:
Ան հաստատեց, որ Լիբանան արաբական ինքնութիւն ունի եւ կը մասնակցի Արաբական լիկայի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ անոր հիմնադիր անդամներէն մէկը կը նկատուի:
Ժրայսաթի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը յանձնառու կը մնայ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին գործադրութեան, ինչպէս նաեւ կը յարգէ արաբական պետութիւններու ներքին հարցերուն միջամուխ չդառնալու սկզբունքը` պահպանելով անոնց հետ իր լաւ յարաբերութիւնները:
«Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն հետ յարաբերութեան մեր նախանձախնդրութիւնը ոչ ոք կրնայ կասկածի տակ առնել», ըսաւ ան:
Ժրայսաթի անդրադարձաւ երկրին դիմագրաւած աղբի տագնապին` յոյս յայտնելով, որ այդ թղթածրարը դուրս բերուի միջազգային տարակարծութիւններէն եւ անոր պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչուին:
«Աղբի տագնապին թեքնիք լուծումը կը սկսի առկայ աղբանոցները գործածելով` յարգելով անոնց առողջ եւ կենսոլորտային պայմանները», ըսաւ ան:
Ժրայսաթի հաստատեց, որ աղբի տագնապին լուծումը վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան աշխատանքով կարելի է ապահովել, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարաններուն աշխատանքներուն քաջալերումով:
Ան հաստատեց, որ քաղաքապետարաններուն նիւթական իրաւունքները պէտք է կատարել եւ աղբի թղթածրարէն քաղաքական պատասխանատուներուն ապահոված նիւթական շահերուն վերջ դնել:


