Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սէուտական Արաբիոյ Դէմ Վարկաբեկիչ Որեւէ Արտայայտութիւն Լիբանանի Պաշտօնական Կեցուածքը Կարելի Չէ Նկատել» Շեշտեց Սաատ Հարիրի

February 23, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սաատ Հարիրի
Սաատ Հարիրի

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ հաւատարիմ մնալ կը նշանակէ հաւատարիմ մնալ Լիբանանին, իսկ անոր դէմ չարիք գործել կը նշանակէ Լիբանանի դէմ չարիք գործել:

«Կարգ մը ուժերու կողմէ կատարուած անպատշաճ յայտարարութիւնները` եղբայր պետութիւններու նկատմամբ, ոճիր կը նկատուի: Սէուտական Արաբիոյ դէմ վարկաբեկիչ որեւէ արտայայտութիւն պատասխանատու կողմին պիտի ուղղուի` առանց այդ արտայայտութիւնը Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը նկատելու», ըսաւ ան:

Հարիրի շեշտեց, որ ոչ ոք պիտի կարենայ փոփոխութեան ենթարկել Լիբանանի արաբական ինքնութիւնը` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը շրջանին մէջ իրանեան քաղաքականութեան արգելոցը չի նկատուիր:

«Մենք պիտի շարունակենք խաղաղ քաղաքականութեամբ գործել` պաշտպանելու համար Լիբանանն ու լիբանանցիները, իսկ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն կատարած խաղաղարար եւ շինարար դերակատարութեան իրականութիւնը արեւու նման յստակ է», ըսաւ ան:

Հարիրի յայտնեց, որ երէկուան հաւաքը կատարուած է Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն հաւատարիմ մնալու խորագիրին տակ` աւելցնելով, որ իրենց ընտրանքն է կերտել լիբանանեան պետութիւնը:

«Մենք կը մերժենք Լիբանանը յանձնել սադրանքներու ծրագիրին եւ շրջանի մասնատումին: Կոչ կ՛ուղղենք Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին չլքելու Լիբանանը», շեշտեց Հարիրի:

Մամլոյ ասուլիսին աւարտին ներկաները ստորագրեցին արաբական համախոհութեան զօրակցագիր մը:

Նշենք, որ Հարիրի երէկ ընդունեց Ազգային ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամունը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Շամուն յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ նկատմամբ կատարուածը արտօնելի չէ եւ բոլորին վնաս կը հասցնէ:

Հարիրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը` ներկայութեամբ Նատեր Հարիրիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Սաատ Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյեսը: Քննարկուեցան լիբանանեան ու շրջանային իրադարձութիւնները եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հարիրիի այցելուներէն եղան նաեւ նախագահական թեկնածու, երեսփոխան Հանրի Հըլու եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս:

 

Նախորդը

Ռայէս. «Ժահժահի Հետ Քննարկեցինք Վերջին Երկու Օրերուն Արձանագրուած Իրադարձութիւնները»

Յաջորդը

Եարզէի Մէջ . «Կը Մերժենք Այս Կամ Այն Առանցքին Մաս Կազմել» Շեշտեց Ժոմպլաթ

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.