Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ երկար ուսումնասիրութենէ ետք կառավարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ արաբական երկիրներուն զօրակցութիւն յայտնուեցաւ` ընդունելով, որ Սէուտական Արաբիոյ հաշուոյն սխալած է:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ այս բոլորին մէջ աւետիսը այն է, թէ աննախընթաց եւ տաղանդաւոր արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ համաձայն գտնուած է զօրակցական հաղորդագրութեան, այն յոյսով, որ Սէուտական Արաբիա կրնայ բեկանել լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն զինուորական օժանդակութիւնները սառեցնելու իր որոշումը:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի բազմութիւնները կ՛առաջնորդէ դէպի անորոշութիւն, մինչդեռ գաղթականներու հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի արդարութեան նախարարութիւնը կը ստանձնէ: