Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան Նեցուկ Կը Կանգնի Իր Արաբ Եղբայրներուն Եւ Կառչած Կը Մնայ Արաբական Համախոհութեան» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Փետրուար 23, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վարչապետ Սալամ
Վարչապետ Սալամ

Նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի, կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց իր արտաքին քաղաքականութիւնը:

Շուրջ վեց ժամ տեւած նիստէն ետք վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ նախարարաց խորհուրդը կը վերահաստատէ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կողմէ որդեգրուած շրջանային տագնապներէն Լիբանանը զերծ կացուցելու քաղաքականութիւնը` շեշտելով, որ կառավարութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ արաբական երկիրներուն եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւններուն ամրապնդումը:

«Կառավարութիւնը անհրաժեշտ նկատեց, որ վարչապետը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կատարէ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւններուն հետ եւ Ռիատ այցելութեան լիբանանեան պատուիրակութիւն մը կազմէ», ըսաւ ան:

Վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ արաբական երկիրներուն հետ իր պատմական յարաբերութիւնները նկատի ունենալով` Լիբանան կը վերահաստատէ, թէ ինք մնայուն կերպով նեցուկ կը կանգնի արաբ ժողովուրդին եւ կառչած կը մնայ արաբական համախոհութեան:

«Լիբանան պիտի չմոռնայ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Լիբանանի խաղաղութիւնը կերտած Թաէֆի խորհրդաժողովը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի խաղաղութեան եւ վերաշինութեան հովանաւորութիւնը: Լիբանան պիտի չմոռնայ նաեւ Ծոցի երկիրներուն կողմէ հարիւր հազարաւոր լիբանանցիներուն հիւրընկալումը եւ այդ երկիրներուն մէջ անոնց անվտանգութեան ապահովումը», ըսաւ ան:

Վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա բոլորին մայրն է, եւ մենք նախանձախնդիր ենք Սէուտական Արաբիոյ հետ հեզասահ յարաբերութիւններուն պահպանումին: «Իսկ Թեհրանի մէջ սէուտական դեսպանատան դէմ գործուած յարձակումը դատապարտած ենք եւ խստիւ կը դատապարտենք», ընդգծեց ան:

Աւելի ուշ, վարչապետ Սալամի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ հետեւեալը. «Նկատի ունենալով կառավարութեան նիստէն անմիջապէս ետք արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կատարուած յայտարարութիւնները (տեսնել` 2-րդ էջով), վարչապետին տեղեկատուական գրասենեակը կու գայ հաստատելու, որ կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները յստակօրէն բանաձեւուած են կառավարութեան արտակարգ նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ:

«Վարչապետին կողմէ կարդացուած այդ հաղորդագրութեան շուրջ համախոհութիւն գոյացած է` նախարարներուն մէջ ներառելով նաեւ Պասիլը: Հետեւաբար այդ բանաձեւերէն դուրս որեւէ այլ յայտարարութիւն անձնական մեկնաբանութիւն կը նկատուի եւ Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը չի ներկայացներ»:

 

Նախորդը

Պրիւքսէլի Մէջ . Պըրրի Կը Մասնակցի Եւրոպական Խորհրդարանի Լիագումար Նիստին

Յաջորդը

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Հայ Երեսփոխանը Հայերէն Այցեքարտ Տպագրած Է

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?