Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարարական Յատուկ Յանձնախումբը Այսօր Պիտի Շարունակէ Քննարկել Աղբի Տագնապին Լուծման Հոլովոյթը

February 22, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aghpi_daknabi_nisd_022116

Վարչապետ Թամմամ Սալամ շաբաթավերջին վարչապետարանին մէջ նախագահեց աղբի տագնապին լուծման համար նախարարական յատուկ յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ, կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ եւ Բարգաւաճման եւ վերակառուցման գերագոյն խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան այս հարցով հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները, ինչպէս նաեւ աղբի տագնապին վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նախարարաց խորհուրդի յատուկ յանձնախումբը իր նիստը պիտի շարունակէ այսօր կէսօրէ ետք:

Նիստէն ետք նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ յստակ է արդէն, որ Լիբանանի աղբի տագնապը կարելի է լուծել ժամանակաւոր կերպով (երկու տարուան դրութեամբ) բացուող աղբանոցներուն եւ ապա հրկիզման կեդրոններուն միջոցով:

Իր կարգին, նախարար Ապու Սաապ շեշտեց, որ պէտք է բոլորը համոզուին քաղաքապետարաններուն տրամադրուելիք յատուկ ֆինանսաւորումին կարեւորութեամբ, որպէսզի անոնք կարենան լուծել աղբի տագնապը:

Միւս կողմէ, շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, քաղաքացիական ընկերութեան «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւը, Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ կատարեց բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին մերժեց աղբանոցները վերաբանալու հաւանականութիւնը` տրուած ըլլալով աղբերը երկրէն դուրս հանելու համաձայնագիրին ձախողութիւնը:

«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւին անունով խօսք առաւ Նեհմաթ Պատրէտտին, որ կոչ ուղղեց հաշուետուութեան կանչելու աղբերը երկրէն դուրս հանելու համաձայնագիրին մեղսակցած բոլոր «յանցագործներ»-ը:

Պատրէտտին անհրաժեշտ նկատեց Ամրուսիէի եւ Քարանթինայի աղբի զտարանները վերստին գործի լծելու կարեւորութիւնը:

Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը պատասխանատու է երկրին կենսոլորտի ապականումին, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն դիմագրաւած առողջական հարցերուն:

 

 

Նախորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Պատասխանէ Ռիատի Որոշումին, Իսկ Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Քննարկէ Երկրին Արտաքին Քաղաքականութիւնը

Յաջորդը

Ռիֆի Հրաժարեցաւ Իր Պաշտօնէն, Իսկ Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերը Հըզպալլան Պատասխանատու Նկատեցին Երկրին Ապահովական Եւ Տնտեսական Կայունութիւնը Հարուածելու Արարքին

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.