Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն:
Ռիֆիի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ինք օր մը օրանց չէ խուսափած իր պատասխանատուութիւնները ստանձնելէ, սակայն չի կրնար կառավարութեան մէջ իր նախարարի պաշտօնը շարունակել` իբրեւ սուտ վկայ:
«Մենք պէտք է ներում հայցենք Սէուտական Արաբիայէն եւ արաբական երկիրներէն, որովհետեւ մենք պաշտօնապէս խզած ենք անոնց համախոհութիւնը: Պէտք է Սէուտական Արաբիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները սրբագրենք եւ կամ կառավարութիւնը պէտք է հրաժարի` մերժելով Հըզպալլայի կամակատարը ըլլալու իրականութիւնը», ըսաւ Ռիֆի հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Ան յայտնեց, որ Հըզպալլա կը փորձէ Լիբանանի մէջ իրանեան փոքր պետութիւն մը հիմնել` աւելցնելով, որ անիկա ծրագիր մըն է, որուն դէմ պէտք է կենալ եւ ոչ թէ անոր սուտ վկան դառնալ:
Ռիֆի աւելցուց, որ իրենք իրենց հաստատ կեցուածքներով պիտի դիմադրեն Հըզպալլայի զէնքին` դիտել տալով, որ եթէ Հըզպալլա կը կարծէ, թէ իր եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ յարաբերութիւնները խզուած են, ապա ան չարաչար կը սխալի:
«Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրիի հետ ոչ մէկ տարակարծութիւն ունիմ, ընդհակառակն` մենք Մուսթաքպալ հոսանքի ուղեգիծին կը հետեւինք իբրեւ ռազմավարութիւն», ըսաւ ան:
Ռիֆի յայտնեց նաեւ, որ Հըզպալլայի բանեցուցած ճնշումներուն պատճառով կառավարութիւնը կ՛անտեսէ նաեւ նախկին նախարար Միշել Սմահայի դատական թղթածրարը Արդարութեան խորհուրդ փոխանցելու կարելիութիւնները քննարկել: «Ես այդ իմաստով նաեւ կը մերժեմ սուտ վկայ ըլլալ», յայտնեց Ռիֆի:
Ռիֆիի համակիրները երէկ յետմիջօրէին ուղղուեցան Թրիփոլիի անոր բնակարանը եւ զօրակցութիւն յայտնեցին հրաժարեալ նախարարին:
Ռիֆի շնորհակալութիւն յայտնեց հաւաքուած բազմութեան` անոր զօրակցութեան համար:
Նշենք, որ Ռիֆիի աշխատանքները ինքնաբերաբար պիտի ստանձնէ արդարութեան նախարարի գործակատար` գաղթականներու հարցերու նախարար, դատաւոր Ալիս Շապթինի, եթէ կառավարութիւնը Ռիֆիի հրաժարականը ընդունի:
Ռիֆիի կեցուածքը մղեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ կառավարութիւնը հրաւիրէ երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը քննարկելու արտակարգ նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ողջունեց Ռիֆիի կեցուածքը` յոյս յայտնելով, որ անոր որոշումը նկատի առնուի:
Ան նշեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը յանցաւոր պէտք չէ նկատել, այլապէս կառավարութիւնը անկէ լուսաբանութիւն խնդրած կ՛ըլլար: Կառավարութիւնը պէտք է կրէ իր արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատուութիւնը:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ նշեց, որ իրենք մնայուն կերպով կը խորհրդակցին Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն հետ` աւելցնելով, որ Հըզպալլա իր հակակշիռը պարտադրած է երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն վրայ եւ կ՛արգիլէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:
Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերու Նիստ
Ռիֆիի հրաժարականին լոյսին տակ, երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը գումարեցին ընդարձակ նիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան, ինչպէս նաեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու անդամ բոլոր նախարարներն ու երեսփոխանները, բացի Ռիֆիէն, որուն բացակայութիւնը այդ ուժերուն հետ տարակարծութեան մը չվերագրուեցաւ, այլ պարզապէս Թրիփոլի գտնուելու իրականութեան:
Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը նշեցին, որ Սէուտական Արաբիա մնայուն կերպով նեցուկ կանգնած է Լիբանանին եւ օժանդակած անոր բարգաւաճման ու վերաշինութեան, յատկապէս քաղաքացիական եւ յուլիսեան պատերազմներէն ետք:
«Կառչած մնալով Լիբանանի գերագոյն շահերը պաշտպանելու Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն նախանձախնդրութեան, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներուն հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները պաշտպանելու շրջագիծին մէջ, Հըզպալլան պատասխանատու կը նկատենք երկրին ապահովական եւ տնտեսական կայունութիւնը հարուածելու արարքին եւ կոչ կ՛ուղղենք անոր վերջ տալու Սուրիոյ պատերազմին իր մասնակցութեան` իբրեւ յանձնառութիւն շրջանի տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցող Լիբանանի որդեգրած քաղաքականութեան», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կառավարութենէն պահանջեցին յարգել երկրին սահմանադրութիւնը եւ կառչած մնալ միջազգային օրինականութեան, ինչպէս նաեւ անմիջապէս գումարել նիստ մը եւ որդեգրել արաբական համախոհութենէն անշեղ մնալու կեցուածքներ:
Մարտ 14 մերժեց Լիբանանը վերածել արաբական որեւէ երկրի հետ թշնամանալու խարիսխի մը: