ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ Ուաշինկթընի մէջ իրենց ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին Փենթակոնի պատասխանատուներ հաստատած են, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Լիբանանի դէմ կատարուելիք յարձակումի հաւանականութեան պարագային, միջազգային զինուորական միջամտութիւն պիտի կատարուի:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքներուն վրայ վախ չկայ` աւելցնելով, որ աղբի տագնապը պէտք է ամէնէն արագ միջոցին լուծել:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն հաստատեց, որ աղբի տագնապը վերածուած է մղձաւանջի մը եւ պէտք է ճնշում բանեցնել` այդ հարցին լուծման համար:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտարարեց, որ կառավարութենէն հրաժարելու պարագային, ինք իր որոշումը պիտի համադրէ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ:
ՆԱԽԿԻՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման մտահոգութիւն յայտնեց, որ երկրին իրարանցումներն ու խուճապի մթնոլորտը պատճառ դառնան քաղաքապետական ընտրութեանց ջնջումին:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ ողջունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հանդիպումէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը: Ան ընդգծեց, որ սադրանքներուն եւ գրգռութիւններուն հրահրումը պէտք է բոլորին կողմէ մերժելի ըլլան:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ճիգ չէ խնայած` լարուածութիւնը փողոց փոխադրելու քայլը արգիլելու իմաստով:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայէղ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ աղբի տագնապը միայն կենսոլորտային հարց կամ թղթածրար չի նկատուիր, այլ նաեւ` երկրին մէջ տարածուած փտածութիւն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ Անթուան Անտրաուոս շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը կասեցնելու առումով ցարդ որոշում չէ տրուած, սակայն կարելի է յայտնել, թէ այդ երկխօսութիւնը առկախուելու ընթացքին մէջ է:
ՊԱՀՐԷՅՆԻ արտաքին եւ պաշտպանութեան հարցերու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական անվտանգութեան խորհրդարանական յանձնախումբի փոխնախագահ, երեսփոխան Ժամալ Պուլ Հասան հաստատեց, որ Ծոցի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու վատթարացումէն միակ վնասուողը Լիբանանն է:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի Պէյրութ վերադարձը իր որոշումով չէ եղած, այլ` իր վրայ պարտադրուած է Սէուտական Արաբիոյ կողմէ:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայետ վարչապետ Թամմամ Սալամէն խնդրեց զօրակցիլ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախկին նախարար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի թեկնածութեան` Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը ստանձնելու նպատակով:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութիւնը կը գտնուի ծանր մահաքունի մէջ, հետեւաբար անոր մահը նախատեսելի է որեւէ պահու ընթացքին:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Լիբանանի վկայած ճնշումները եւ մագլցումի ալիքները պիտի չվնասեն Ազգային երկխօսութեան:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ռիատ տակաւին կը մերժէ ընդունիլ վարչապետ Թամմամ Սալամը: Նոյն օրաթերթը կը հաստատէ, որ Սէուտական Արաբիա յառաջիկային Լիբանանի դէմ յաւելեալ մագլցողական քայլեր պիտի առնէ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռու է փողոցի լեզուէն եւ յանձնառու` երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու:
ԸՍՏ «Տիար» օրաթերթին, Թրիփոլիի քաղաքական հեղինակութիւնները շեշտած են, որ սադրանքներէն պէտք չէ վախնալ, որովհետեւ լիբանանցիներուն մօտ այդ իմաստով ազգային գիտակցութիւն գոյութիւն ունի: Անոնք ընդգծեցին, որ ոչ ոք կը փափաքի վերադառնալ կամ վերապրիլ 7 մայիսի դէպքերուն դառնութիւնը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կրնայ Լիբանանէն մեկնիլ այսօրուան նախագահական ընտրութեան նիստէն ետք` նկատի ունենալով, որ նախագահական ընտրութեան հորիզոնները տակաւին պղտոր կրնան ըլլալ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի դէմ չէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան` աւելցնելով, որ ինք պատրաստ է ներքին լիբանանեան համաձայնութիւններ գոյացնելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւնը շարունակելը անիմաստ է` աւելցնելով, որ այս հանգրուանին ինք ապահովական որեւէ խախտում կամ քաղաքական սպանութիւն հաւանական կը գտնէ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքը ներքին քննարկումներ կը կատարէ` Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւնը կասեցնելու իմաստով:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Իրան պատրաստ է 10 միլիառ տոլար յատկացնելու Լիբանանին` բանակը զինելու եւ աղբի տագնապը լուծելու նպատակով: