Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Արագ Եւ Հաստատ Լուծում Կը Նկատէ Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւնը

Մարտ 1, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

KATAEB_022916

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ Սայֆիի մէջ նախագահեց կուսակցութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ կառավարութեան սպառած իրավիճակը ապացոյց մըն է, թէ երկրին հարցերուն միակ լուծումը նախագահական ընտրութիւն կատարելն է` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան նիստին թուականը վաղն է` չորեքշաբթի, 2 մարտ 2016-ը:

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը խստիւ դատապարտեց կառավարութեան անկարողութիւնը աղբի տագնապն ու արաբական երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ տիրող հարցերը լուծելու առումով:

Անդրադառնալով Հըզպալլայի համակիրներուն շաբաթավերջին դիմած մագլցողական քայլերուն` Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը դատապարտեց ճամբաներու փակումը, անիւներու հրկիզումն ու ստեղծուած խուճապը` զայն նկատելով սեւ շապիկներու տեսարանին համազօր իրականութիւն մը:

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը նշեց, որ ներքին լիբանանեան առումով Հըզպալլայի վարուելակերպը կ՛արտացոլէ արտաքին իմաստով անոր վարուելակերպը, որ հիմնական պատճառն էր Լիբանանի եւ արաբական շրջանակին միջեւ յարաբերութիւններուն վատթարացման:

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը գնահատեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները` պահպանելու համար քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Նշենք, որ Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որ շեշտեց, թէ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Լիբանանը տեսնելու անկախ եւ գերիշխան:

Քաակ ընդգծեց, որ Լիբանան ժողովրդավար երկիր է եւ կարեւոր է օժանդակել անոր եւ անոր շահերուն:

Քաակ ընդգծեց, որ ՄԱԿ-ը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի Լիբանան կարենայ ընտրել համախոհական նախագահ մը, որ հսկէ երկրին եւ քաղաքացիներուն շահերուն:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Նամակ Մը Ստացաւ Եգիպտոսի Նախագահէն

Յաջորդը

Նախորդ Շաբաթավերջին Ստեղծուած Խուճապը Կրնար Վտանգել Երկրին Ապահովական Կայունութիւնը

RelatedPosts

Ընդունելով Վարչապետ Սալամը`  «Շուտով Լիբանանի Մէջ Աջակցութեան Յատկացուած  Նոր Ծրագիրներու Շարք Մը Պիտի Յայտարարենք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Իշխանը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդունելով Վարչապետ Սալամը` «Շուտով Լիբանանի Մէջ Աջակցութեան Յատկացուած Նոր Ծրագիրներու Շարք Մը Պիտի Յայտարարենք» Կ՛ըսէ Քաթարի Իշխանը

Դեկտեմբեր 8, 2025
Սալամ. «Ես Եւ Նախագահ Աունը Բարեկարգումներ  Եւ Զէնքի Մենաշնորհում Կ՛ուզենք, Սակայն Տարբեր  Մօտեցումներ Ունինք Եւ Համաձայն Ենք Նոյն Նպատակին»
Լիբանանեան

Սալամ. «Ես Եւ Նախագահ Աունը Բարեկարգումներ Եւ Զէնքի Մենաշնորհում Կ՛ուզենք, Սակայն Տարբեր Մօտեցումներ Ունինք Եւ Համաձայն Ենք Նոյն Նպատակին»

Դեկտեմբեր 8, 2025
Սալամ Շարհի Հետ Քննարկեց Լիբանան-Սուրիա  Յարաբերութիւններու Զարգացման Կարելիութիւնները
Լիբանանեան

Սալամ Շարհի Հետ Քննարկեց Լիբանան-Սուրիա Յարաբերութիւններու Զարգացման Կարելիութիւնները

Դեկտեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?