Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շրջանին Եւ Լիբանանին Գծով Տիրող Տարակարծութեանց Զուգահեռ. Կողմերը Կը Փորձեն Կանխարգիլել Կացութեան Բռնկեցումը` Իւրաքանչիւրը Իր Դիտանկիւնէն

February 29, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Army_022816

Շաբաթավերջին լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ պատահած ընդվզումի ելոյթները` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը կապկած մէկ տեսերիզին դէմ, ինչպէս նաեւ Սաատիյեթի մէջ ապահովական բախումներու վերսկսման մասին լուրերը մտավախութեան մատնեցին քաղաքացիները, յատկապէս լրատուական այն տեղեկութիւններէն ետք, թէ Լիբանան խորապէս կ՛ազդուի շրջանային, յատկապէս Սուրիոյ ու Իրան – Սէուտական Արաբիա տագնապներէն եւ թէ անիկա կը գտնուի քաղաքացիական բախումներու (չըսելու համար պատերազմի) սեմին:

Ասիկա առանցքը կազմեց շաբաթավերջին երկրի ղեկավարներու խորհրդակցութիւններուն եւ դրսեւորած կեցուածքներուն:

Իսլամ-քարոզիչ Շահհալ յայտնեց, թէ պատահածը աւելի վտանգաւոր էր, քան 7 մայիսի դէպքերը:

Ընկերային ցանցի տեղեկութիւնները առաւել եւս բռնկեցուցին կեցուածքները, երբ կարգ մը լուրեր արձանագրուեցան «Թուիթըր»-ի թէ դիմատետրի էջերուն վրայ, ըստ որոնց ցուցարարներ կ՛արհամարհեն եւ նախատական արտայայտութիւններ կը բացագանչեն Սէուտական Արաբիոյ դէմ:

Նաեւ` Քաղաքական Առումով

Սակայն մէկ կողմէ բանակը եւ միւս կողմէ պատասխանատու կեցուածքներու խորհրդակցութիւնները յաջողեցան հանդարտեցնել կացութիւնը, որ ըստ կարգ մը մեկնաբաններու, իբրեւ «մոխիրի տակ կրակ» նկարագրուեցաւ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Պրիւքսէլէն հակազդելով իր ընդվզումը յայտնեց պատահածներուն գծով` կտրուկ կերպով մերժելով Հըզպալլա – Մուսթաքպալ երկխօսութեան ընդհատման կարգ մը կոչերը: Կ՛ակնկալուի, որ Պըրրի Պէյրութ վերադարձին փութայ խորհրդակցութիւններու ձեռնարկել խնդրոյ առարկայ կողմերու ղեկավարներուն, յատկապէս` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, անդորրութեան վերահաստատման գծով:

Պըրրի նաեւ հերքեց, որ նման դէպքեր կրնան արգելակել սահմանադրական ժամկէտներու իրագործումը` յայտնապէս ակնարկելով նախագահական ընտրութեան, ընդգծելով, որ աւելի քան երբեք ժամանակը յարմար է նախագահական ընտրութեան:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի նոյնպէս շաբաթավերջին կոչ ուղղեց կանխարգիլելու երկիրը դէպի երկպառակութիւն եւ բախումներ մղելը:

Այս իմաստով քաղաքական մեկնաբաններ անհաւանական նկատեցին կացութեան բռնկեցումը` զայն նկատելով շրջանային որոշում: Ըստ իրազեկ մեկնաբաններու, հակառակ տիրող լարուած մթնոլորտին եւ ամբոխի ընդվզումի ելոյթներուն, կողմերու ղեկավարները կրցան զսպել ու սանձել իրենց համակիրները, որովհետեւ բռնկեցման որոշում կամ «կանաչ լոյս» չէ տրուած շրջանային թէ արտաքին կողմերէն:

Աւելի՛ն, հաւանական կը նկատուի, որ Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութիւնն ու վերջերս Ռուսիա – Միացեալ Նահանգներ համախոհութիւնը շրջանի կացութեան գծով, կրնան իրենց դրական անդրադարձը ունենալ Լիբանանի կացութեան վրայ:

Կացութիւնը դատապարտող եւ ինքնազսպումի կեցուածքները շարունակուեցան` ընդգծելով քաղաքական, յատկապէս սահմանադրական (նախագահի ընտրութեան) եւ ընկերային-կենսոլորտային (աղբերու տագնապը) հարցերու լուծման հրամայականը:

Այս ծիրին մէջ, մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ Հռոմէն իր վերադարձին ցաւ յայտնեց տիրող կացութեան համար: Նախապէս Հռոմի մէջ կիրակնօրեայ իր քարոզի ընթացքին Ռայի պատրիարքը «եսասիրութեան մեղք» որակեց նախագահական նիստի արգելակումը: «Միջին Արեւելքի մէջ կ՛ապրինք ոխի եւ ատելութեան մթնոլորտ, որ կը թարգմանուի առեւանգումով, աւերներով ու պատերազմներով», ըսաւ Ռայի պատրիարքը: Ան շեշտեց իր մտահոգութիւնը Լիբանանի մէջ նախագահի բացակայութեան, Լիբանանի կամրջումի առաքելութեան նահանջին եւ օրըստօրէ կուտակուող աղբերու երեւոյթին գծով:

Նմանապէս, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթ մաղթեց, որ Սէուտական Արաբիա ընդունի Լիբանանի «ներողութիւնը» եւ վերատեսութեան ենթարկէ իր կեցուածքը: Ըստ Ժոմպլաթի, Միջին Արեւելքի մէջ քարտէսներու փոփոխութիւն տեղի պիտի ունենայ, իսկ Սուրիոյ գծով` «լիբանանցիք չեն կրնար փոխել հոն տիրող կացութիւնը»:

Նմանապէս, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յոռետեսութեամբ արտայայտուեցաւ` յայտնելով, որ կ՛ապրինք վարչամեքենայի հաստատութեանց կազմալոյծ վիճակին ու նախագահի թափուր աթոռի պարզած մթնոլորտին մէջ: Այս է մեր ապրած դժուար հանգրուանի խորագիրը», ընդգծեց Ապու Ֆաուր:

 

Նախորդը

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Ընտրեց Իր Քաղաքական Խորհուրդը

Յաջորդը

Ըստ Էրտողանի Կնոջ. Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Հարց Գոյութիւն Չունի

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.