Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 1, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք չէ գոյատեւէ, այնքան ատեն որ ան չի կրնար լուծել աղբի տագնապը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Լիբանանի էութեան եւ կայունութեան պահպանումը կ՛երաշխաւորուի նախագահական ընտրութեան ընդմէջէն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ բազմազանութիւնը վերածուած է անէծքի, որովհետեւ անիկա համայնքային բազմազանութենէն վերածուած է համայնքային լարուածութեան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւն գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ կարելի չէ իմանալ, թէ ո՛ր պահուն քաղաքացիական պատերազմ կը բռնկի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Աուն յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ իրենց դաշինքը սիւննի համայնքին դէմ չէ ուղղուած, այլ` Իսրայէլի եւ ահաբեկչութեան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ իրենք հպարտ են Հըզպալլայի կեցուածքներով` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ առկայ խուճապի մթնոլորտը շինծու է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան ճակատագիրը պիտի որոշուի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ունենալիք հանդիպումին ընթացքին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա պէտք է Հըզպալլայէն ներում հայցէ` զայն ահաբեկչական նկատելուն եւ Դիմադրութեան դէմ մղած իր պայքարին համար:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ չափաւորականութիւնը Լիբանանը փրկելու միակ միջոցն է: Ան աւելցուց, որ Սէուտական Արաբիա եւ Ծոցի երկիրները երբեք չեն զլացած Լիբանանի գոյութիւնը պահպանելու առումով իրենց օժանդակութիւնները տրամադրելու:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման հարցերու նախարար Էլիաս Ապու Սաապ ցաւ յայտնեց, որ երկու տարիէ ի վեր խորհրդարանը չէ կրցած հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ լոյս տեսնող «Պայան» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի մասնակցի նախագահական ընտրութեան վաղուան նիստին եւ ապա աշխատանքային նպատակով պիտի մեկնի Լիբանանէն:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքները կրնան խոչընդոտուիլ` աւելցնելով, որ ինք չի մեղադրեր արաբները` իրենց որդեգրած միջոցառումներուն համար:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական միակ ուժը, որ Սէուտական Արաբիայէն ներում պէտք է հայցէ, Հըզպալլան է:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ լոյս տեսնող «Պայան» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան պէտք է իր կեցուածքը ճշդէ Հըզպալլայի նկատմամբ, որպէսզի արաբներուն դէմ չկողմնորոշուի:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Հըզպալլա կը ծրագրէ տիրել Լիբանանին:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ կառչած կը մնայ իր կեցուածքին, ըստ որուն, ան նախագահական ընտրութեան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ, եթէ Հըզպալլայի երեսփոխանները այդ նիստին չմասնակցին:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան յարաբերականի պատասխանատու Պասսամ Հաշեմ յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին արաբական համախոհութեան, սակայն կը մերժեն միջամուխ դառնալ արաբական այլ հարցերու:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերուն համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ կողմէ ի գործ դրուող շանթաժը բոլոր լիբանանցիներուն դէմ ուղղուած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի շեշտեց, որ իրենք ամէն գնով պիտի պաշտպանեն իրենց արաբական ինքնութիւնը եւ ոչ մէկ ատեն ենթակայ պիտի դառնան պարսկական լուծին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ Լիբանան իր արաբականութիւնը կը պահպանէ արաբական երկիրներուն օժանդակութեամբ: Ան նշեց, որ պետութեան հետ գործընկեր դառնալու գաղափարը մերժելի է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի խորհրդատու Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ Հըզպալլա կը փափաքի Լիբանանը վերածել իրանեան նահանգի մը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ արտաքին զգուշացումներ ստացած է` Լիբանանի ապահովական կացութեան վատթարացման հաւանականութիւններուն մասին:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ շեշտեց, որ իրենք կարելիութիւններ ունին շուկան հակակշռելու` աւելցնելով, որ Կեդրոնական դրամատունը Ծոցի երկիրներուն կողմէ պահ դրուած գումարները վերադարձնելու իմաստով ոչ մէկ պահանջ ստացած է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ պատահածը սէուտական-իրանեան բազկամարտ մըն է, որուն գինը կը վճարէ Լիբանանը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ արձանագրուած վերջին իրադարձութիւններէն ետք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրուելու յոյսերը զերոյի հաւասարած են:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքն ու անոր դաշնակիցները մագլցողական քայլերու կը դիմեն` ջնջելու համար քաղաքապետական ընտրութիւնները:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը թռիչքներ կատարեց Պընթ Ժպէյլի վերեւ` խզելով Լիբանանի գերիշխանութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ նկատմամբ երախտագիտութեան եւ զօրակցութիւնը յուշագիրի ստորագրութիւնը ամօթի քայլ մըն է, որ առնուած է եւ պէտք է ամչնալ անկէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Զիատ Քատիրի կոչ ուղղեց Լիբանանը իր արաբականութենէն զերծ պահելու Իրանի եւ Հըզպալլայի փորձերուն ընդդիմանալու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ այս հանգրուանին միակ լուծումը երկխօսութիւնն է:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ժազիրա» օրաթերթը դիտել կու տայ, որ Հըզպալլա Սուրիոյ մէջ կռուող ահաբեկչական շարժում մը պէտք է նկատել` ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի կողքին:

 

 

Նախորդը

Թուրքիա Ռուսիան Պաշտօնապէս Հանած Է «Բարեկամներու» Ցուցակէն

Յաջորդը

Հարիրի Շորթըրի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

RelatedPosts

Պարրաքի Յայտարարութեան  Լիբանանեան Արձագանգներ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանան Շրջանային Ուժերու Ձեռքը Իյնալու Վտանգը Կը Դիմագրաւէ, Պէտք Է Զէնքի Հարցը Լուծէ, Այլապէս Գոյութենական Վտանգ Կը Դիմագրաւէ»

Յուլիս 14, 2025
Պարրաքի Յայտարարութեան  Լիբանանեան Արձագանգներ
Լիբանանեան

Պարրաքի Յայտարարութեան Լիբանանեան Արձագանգներ

Յուլիս 14, 2025
«Պատրաստ Ենք Ոչ Ահաբեկչական Խնդիրներով  Բանտարկուածները Յանձնելու Համար Սուրիոյ Հետ  Համաձայնագիր Կնքելու»  Կ՛ըսէ Արդարադատութեան Նախարարը
Լիբանանեան

«Պատրաստ Ենք Ոչ Ահաբեկչական Խնդիրներով Բանտարկուածները Յանձնելու Համար Սուրիոյ Հետ Համաձայնագիր Կնքելու» Կ՛ըսէ Արդարադատութեան Նախարարը

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?