Ապահովական աղբիւրներ հաստատեցին, որ կիրակի օր Լիբանանի մէջ արձանագրուած ցոյցերն ու մագլցողական քայլերը շուտով կրնային վերածուիլ սադրանքներու, եթէ երկրին քաղաքական ղեկավարութիւններուն միջեւ հաղորդակցութիւններ եւ խորհրդակցութիւններ չկատարուէին` զսպելու համար փողոցը:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան կապկող` «Էմ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին պատրաստած տեսերիզը, որ հրահրած էր Հըզպալլայի համակիրները եւ զանոնք մղած բողոքի ցոյցեր կատարելու, կրնար աւելի եւս ծաւալիլ` նկատի ունենալով, որ այդ ցոյցերը առաջին անգամ ըլլալով դուրս եկան Հըզպալլայի հակակշիռին տակ գտնուող շրջաններէն եւ հասան բնակութեան այլ շրջաններ, ինչպէս` Ժտէյտէ, Սալումէ եւ Սին Էլ Ֆիլ:
Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ բանակին կողմէ արագ հակազդեցութիւնը եւ կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու քայլերը մղեցին, որ այդ շրջաններուն մէջ հաւաքուած երիտասարդները պարպեն փողոցները:
Պէյրութի մէջ եւս սիւննի եւ շիի ղեկավարութիւններուն արագ հակազդեցութեան եւ որդեգրած ինքնազսպումի քայլերուն շնորհիւ կարելի եղաւ մայրաքաղաքը փրկել ապահովական լուրջ խախտումներէ:
Այս շրջագիծին մէջ, Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ալաէտտին Թըրրօ յայտնեց, որ ինչպէս ամէն անկիւնադարձային հանգրուանի, այս անգամ եւս Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կատարած է սէյիտ Նասրալլայի, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի եւ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարներուն հետ` ընդգծելով կացութիւնը հակակշռելու եւ լարուածութիւնը մեղմացնելու անհրաժեշտութիւնը` պահպանելու համար Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն ապահովական կայունութիւնը:
Հըզպալլայի տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Մոհամետ Աֆիֆ շեշտեց, որ «Էմ. Պի. Սի.» ջնջած է սէյիտ Նասրալլան կապկող տեսերիզը` նշելով, որ կայանին տնօրէնութիւնը հաստատած է, որ յանձնառու կը մնայ իր ակնդիրներուն` ինչ համայնքի եւ յարանուանութեան, որ անոնք պատկանին:
Աֆիֆ շեշտեց, որ Հըզպալլա նոյն մակարդակով պիտի չպատասխանէ այս պատահարին եւ այս կամ այն ղեկավարին անձը պիտի չվարկաբեկէ: «Մենք պիտի շարունակենք լուսարձակի տակ առնել Եմէնի վրայ սէուտական յարձակումը` առանց նոյն մակարդակին իջնելու», ըսաւ ան:
Պէտք է աւելցնել, որ սէուտական-լիբանանեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն վատթարացման լոյսին տակ, երէկ երեկոյեան առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր ուղղուեցաւ Ռիատ:
Միւս կողմէ, Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը երէկ յաջողեցաւ ստանձնել Սուրիոյ մէջ զոհուած իր նահատակներուն դիակները, որոնց շարքին նաեւ Հալէպի մէջ զոհուած Դիմադրութեան մարտիկ Ալի Ահմետ Ֆայեատի (ծանօթ` իբրեւ Ալա Պոսնա) դիակը, որուն կորսուած ըլլալուն մասին շրջանառութեան մէջ դրուած էին լուրեր: