Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետարանին Մէջ. «Կոչ Կ՛ուղղեմ Ֆրենժիէին Ներկայ Գտնուելու Նախագահական Ընտրութեան Այսօրուան Նիստին» Շեշտեց Հարիրի

March 2, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հարիրի եւ Սալամ
Հարիրի եւ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ կէսօրէ ետք վարչապետարանին մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի շեշտեց, որ բոլոր երեսփոխանները պէտք է ներկայ գտնուին նախագահական ընտրութեան այսօրուան նիստին` կատարելով իրենց սահմանադրական պարտականութիւնը:

Ան նշեց, որ վարչապետ Սալամի հետ քննարկած է աղբի տագնապին հարցը` շեշտելով, որ անիկա վտանգաւոր է եւ կը սպառնայ քաղաքացիներուն առողջութեան:

«Պէտք է ըմբռնել, որ կարելի չէ երկիրը աղբերով ողողուած վիճակի մէջ պահել, ընդհակառակն` անհրաժեշտ է այդ տագնապը միջազգային չափանիշներու հիման վրայ եւ ամէնէն արագ միջոցին լուծել», ըսաւ ան:

Հարիրի յայտնեց, որ նախանցեալ գիշեր ինք եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաղորդագրութիւն մը հրապարակած են նախորդ օրերուն Պէյրութի եւ այլ շրջաններու մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն մասին:

Ան հաստատեց, որ անիւներու հրկիզումը եւ նման տեսակի ցոյցեր համայնքային եւ յարանուանական կիրքեր կը հրահրեն եւ իսլամականութեան չարիք կը հասցնեն:

Նախագահական ընտրութեան այսօրուան նիստին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հարիրի շեշտեց, որ «Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ կրնայ որոշել, որ այսօրուան նիստին ներկայ պիտի չգտնուի, սակայն մենք կոչ կ՛ուղղենք անոր ներկայ գտնուելու նիստին, որովհետեւ մենք իրեն համար պիտի ուղղուինք խորհրդարան»:

Ֆրենժիէ պատասխանեց Հարիրիի մաղթանքին եւ ըսաւ. «Հարիրի մեր սրտին մէջ է, սակայն նախագահական ընտրութեան այսօրուան նիստին պիտի չմասնակցինք»:

Վարչապետ Սալամի այցելեց Միջազգային դրամատան գործադիր տնօրէններու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն անունով խօսք առաւ Միջազգային դրամատան Քանատայի տնօրէն Ալեսթեր Սմիթ, որ յայտնեց, թէ իրենք լաւ գիտեն Լիբանանի վրայ սուրիացի գաղթականներուն պարտադրած բեռին ծանրութիւնը, եւ յատկապէս կը գիտակցին գաղթական սուրիացի աշակերտներուն ուսում ջամբելու համար Լիբանանի զոհողութիւններուն:

Սմիթ հաստատեց, որ իրենք Լիբանան կը գտնուին` այցելելու համար սուրիացի գաղթականներուն գաղթակայանները, աւելցնելով, որ իրենք երախտագէտ են Լիբանանին` գաղթականներուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած հիւրընկալութեան համար:

Վարչապետ Սալամի այցելեցին նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ եւ աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի, որոնք հաստատեցին, որ վարչապետին հետ քննարկած են աղբի տագնապին վերաբերող մանրամասնութիւններ` ընդգծելով, որ լիբանանցիները չեն կրնար աղբերուն մէջ ապրիլ:

Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ տեղեկատուութեան հարցերու նախարար Ռամզի Ժրէյժը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններուն վատթարացումը:

Աղբի տագնապին լուծման առումով, վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ այդ տագնապը անմիջական եւ վերջնական լուծումի կը կարօտի` աւելցնելով, որ այդ տագնապին լուծման պարտականութիւնը ստանձնած նախարարական յանձնախումբը այսօր պիտի գումարէ իր նիստը, որմէ արդիւնքներ եւ աւետիսներ կ՛ակնկալուին:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ եւ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտ:

Նախորդը

«Աղբի Թղթածրարին Վերաբերող Բոլոր Համաձայնագիրները Կը Պահանջենք Սերտել Եւ Հաշուետուութեան Կանչելու Մեր Իրաւունքին Կառչած Պիտի Մնանք» Շեշտեց Քանաան

Յաջորդը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստ. «Սահմանադրական Իրաւունքները Կարելի Չէ Սակարկութեան Ենթարկել»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.