
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ աշխարհը սկսած է համոզուիլ, որ անհրաժեշտ է դիմադրել ահաբեկչական մտայնութեան օրրանը հանդիսացող ամէն խմբաւորումի եւ գաղափարի:
Պըրրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որ շեշտեց, թէ ՄԱԿ կը զօրակցի միջլիբանանեան երկխօսութեան` հանդարտեցնելու համար երկրին մէջ տիրող կացութիւնը:
Քաակ նշեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է լիբանանցիներուն օժանդակելու, կառավարութեան գործունէութիւնը աշխուժացնելու, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Այն Թինէ այցելեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայետ, որ հանդիպումէն ետք շեշտեց, թէ անիկա եղած է առիթ մը քննարկելու համար արաբական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները եւ Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը:
Զայետ ընդգծեց, որ Լիբանանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ պէտք է կառչած մնալ արաբականութեան:
Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Լիպիոյ դեսպան Մոհամետ Սքինի:
Միւս կողմէ, Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիէն:
Նշենք, որ «Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ գումարուած երկխօսութեան վերջին նիստը, որ միայն կէս ժամ տեւած էր, եւ որուն ընթացքին մասնակիցները միայն գաւաթ մը սուրճ խմած էին եւ մեկնած Այն Թինէէն, տեղի ունեցած էր Պըրրիի պնդումներով:
Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Պըրրի Պրիւքսէլէն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած էր Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի հետ եւ զայն զգուշացուցած երկխօսութիւնը կասեցնելու վտանգներէն:
Հարիրիի հետ ունեցած նախանցեալ օրուան իր հանդիպումին ընթացքին Պըրրի դարձեալ ընդգծած էր երկխօսութեան կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ երկխօսութեան միակ այլընտրանքը փողոցն ու սադրանքներն են, որոնք վնաս կը հասցնեն երկրին ու քաղաքացիներուն ապահովութեան:


