
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն 24 մարտին պիտի այցելէ Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի պետական ու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ, ինչպէս նաեւ պիտի այցելէ սուրիացի գաղթականներու յատուկ գաղթակայաններ:
Քի Մունի Պէյրութ կատարելիք այցելութիւնը մաս պիտի կազմէ 23-26 մարտ շրջանային կարգ մը երկիրներ իր կատարելիք շրջապտոյտին:
Քի Մունին պիտի ընկերակցի Միջազգային դրամատան նախագահ Ճիմ Եոնկ Քիմ, որ լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ պիտի քննարկէ սուրիացի գաղթականներուն տագնապը դիմագրաւելու առումով Լիբանանի օժանդակութեան շարք մը ծրագիրներ:
Նշենք, որ Լիբանան իր այցելութենէն շաբաթ մը առաջ, Քի Մուն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին պիտի ներկայացնէ թիւ 1701 միջազգային բանաձեւի գործադրութեան մասին իր տեղեկագիրը, որ պիտի պատրաստուի Լիբանանի մէջ Քի Մունի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակի ընկերակցութեամբ: