
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ սահմանադրական եւ օրինական իրաւունքները կարելի չէ սակարկութեան ենթարկել:
«Երկրին Ազգային ուխտը խախտելու մասին միւս օրուան մեր կեցուածքը պիտի ըլլայ տարբեր եւ վճռակամ», ըսաւ Ժրայսաթի` աւելցնելով, որ այդ կեցուածքը պիտի արտայայտէ համախմբումին նախագահը` երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:
Ժրայսաթի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին արծարծուած են Պէյրութի մաքրութեան ծրագիրներուն ծախսերը` նշելով, որ երկու միլիառ տոլարի հասնող գումարը հսկայական է այնպիսի աշխատանքներու համար, որոնք չեն գործադրուած:
Ժրայսաթի յայտնեց, որ ատիկա որոշ նախարարներու եւ Բարգաւաճման ու վերաշինութեան խորհուրդի պատասխանատուութիւնն է:


