Լիբանանեան

Ռիչըրտ Ճոնզ Այցելեց Իշխանութեան  Երկու Պետերուն Եւ Զօր. Փորթոլանոյի

Ռիչըրտ Ճոնզ Այցելեց Իշխանութեան Երկու Պետերուն Եւ Զօր. Փորթոլանոյի

Ճոնզ եւ Սալամ Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի գործակատար Ռիչըրտ Ճոնզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ճոնզ այցելեց նաեւ վարչապետ Թամմամ Սալամի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանօ Նաքուրայի մէջ ընդունեց Ճոնզը, որուն հետ քննարկեց սահմանային...

Յատուկ Յուշագիր Յղելով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր  Քարտուղարին Եւ Սամանթա Փաուըրին`  Նախարար Պասիլ Մտավախութիւն Յայտնեց Սուրիացիներու Լիբանան Բնակեցման Հաւանականութեան Գծով

Պան Քի Մունէն Նամակ` Պասիլին

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը: Միւս կողմէ, Պասիլ երէկ Քի Մունէն ստացաւ նամակ մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան վերահաստատումը ՄԱԿ-ի համար պիտի ստեղծեն այնպիսի պայմաններ, որոնց լոյսին տակ պիտի կազմակերպուի սուրիացի գաղթականներուն տունդարձը: Քի...

Ֆրենժիէ – Արսլան Հանդիպում

Ֆրենժիէ – Արսլան Հանդիպում

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Խալտէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նախկին նախարարներ Եուսեֆ Սաատէ եւ Մարուան Ապու Ֆատել:  

«Սէուտական Արաբիա Խոչընդոտած Է  Լիբանանի Նախագահական Ընտրութիւնը»  Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

«Սէուտական Արաբիա Խոչընդոտած Է Լիբանանի Նախագահական Ընտրութիւնը» Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

Շէյխ Նայիմ Քասեմ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Դիմադրութեան ուղեգիծին միջոցով իրենք պարտութեան մատնած են Իսրայէլը եւ իրագործած հսկայական ու կարեւոր նուաճումներ` արաբ ազգին վերադարձնելով իր կարողութիւններուն, ապագային եւ իշխանութեան նկատմամբ վստահութիւնը: «Այս ընթացքը սակայն խանգարեց անհաւատները, որոնք մեզի ահաբեկիչ յորջորջեցին եւ սկսան մեզի դէմ ոճրային արարքներ գործել, որովհետեւ մեր նպատակն է ազատագրել բռնագրաւեալ հողերը, ինչպէս...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ երկխօսութեան մասնակցող երեսփոխանները պիտի մասնակցին 16 մարտի երկխօսութեան նիստին, որուն նպատակն է մեղմացնել սիւննի-շիի լարուածութիւնը եւ նախագահական ընտրութեան փշոտ հարցին լուծում մը գտնել: ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ Լիբանան ապահովական հովանաւորութեան ներքեւ չի գտնուիր` աւելցնելով, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ հրաժարելու ոչ մէկ միտում ունի: ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սաատ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սաատ Հարիրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեան, երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի: Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի Հարիրիի հետ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հանդիպումը նկատեց կարեւոր եւ արդիւնաւէտ, յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար պայմաններուն ընթացքին: «Հանդիպումին...

Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին.  Վարչապետ Սալամ Հաստատեց,  Որ Աղբի Տագնապը Վերածուած Է  Ազգային Գայթակղութեան

Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին. Վարչապետ Սալամ Հաստատեց, Որ Աղբի Տագնապը Վերածուած Է Ազգային Գայթակղութեան

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ նիստին ընթացքին կոչ ուղղած է նախագահական ընտրութիւն կատարելու` յոյս յայտնելով, որ նախագահական ընտրութեան յաջորդ նիստը յաջողի ընտրել հանրապետութեան նախագահը: Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ նախարարաց խորհուրդին ներկայացուցած է աղբի տագնապին գծով կազմուած նախարարաց յանձնախումբի աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները` նշելով,...

«Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդի  Անխոհեմ Որոշումին  Պատասխանատու Է Սէուտական Արաբիան»  Շեշտեց Հասան Ֆատլալլա

«Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդի Անխոհեմ Որոշումին Պատասխանատու Է Սէուտական Արաբիան» Շեշտեց Հասան Ֆատլալլա

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ յետմիջօրէին գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեան երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի: Նիստէն ետք երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան 36-րդ նիստին ընթացքին արձանագրուած ձախողութիւնը` օրինաթիւ գոյացնելու առումով, կ՛ենթադրէ, որ խորհրդարանական պլոքներն ու քաղաքական ուժերը համագործակցին` հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու համար: Ֆատլալլա յայտնեց նաեւ, որ աղբի տագնապը կը սպառնայ լիբանանցիներուն առողջութեան` կոչ ուղղելով լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն`...

Հարիրի Ընդունեց Պասիլը Եւ Անակնկալ  Այցելութիւն Մը Տուաւ «Մուսթաքպալ»  Պատկերասփիւռի Կայան

Հարիրի Ընդունեց Պասիլը Եւ Անակնկալ Այցելութիւն Մը Տուաւ «Մուսթաքպալ» Պատկերասփիւռի Կայան

Նատեր Հարիրի, Պասիլ եւ Սաատ Հարիրի Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի: Միւս կողմէ, Հարիրի անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ «Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայան` ընկերակցութեամբ տեղեկատուական հարցերու իր խորհրդատուին` Հանի Համմուտի: Հարիրի հանդիպում...

12 Մարտի Քայլարշաւէն Ետք Կառավարութիւնը Եւ Խորհրդարանը Պիտի Նկատենք Երկիրը Բռնագրաւած Իշխանութիւն

Քաղաքացիական ընկերութեան հիմնական թեւերէն «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը յայտարարեց, որ շաբաթ, 12 մարտ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին պիտի կատարեն բողոքի ցոյց-քայլարշաւ մը, որ պիտի սկսի Էշրեֆիէի Սեսին հրապարակէն` հասնելու համար մինչեւ Ռիատ Սոլհ հրապարակ: «Հոտերնիդ ելաւ»-ի պատասխանատուները հաստատեցին, որ այս քայլարշաւը կառավարութեան համար պիտի ըլլայ վերջին առիթ մը` աղբերու տագնապին համար գտնելու աւազակութենէ եւ փտածութենէ զերծ լուծում մը: «Հոտերնիդ ելաւ»...

Ժահժահ Քանաանի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ժահժահ Քանաանի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ժահժահ եւ դեսպան Ճոնզ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որ գործուղուած էր Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշիի: Ժահժահի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի գործակատար Ռիչըրտ Ճոնզ: Քննարկուեցան լիբանանեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ արաբ ներքին գործոց նախարարներու ընդհանուր ժողովին ընթացքին որդեգրած իր կեցուածքները համադրած է վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ «Քարիթաս» բարեսիրական միութեան դէմ արձակուած փտածութեան ամբաստանութիւններուն` շեշտելով, որ «Քարիթաս»-ը Լիբանանի մէջ թափանցիկութեան խորհրդանիշն է: ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է համագործակցիլ եւ...

Հակառակ 72 Երեսփոխանի  Ներկայութեան`  Նախագահական Ընտրութեան Նիստը  Դարձեալ Յետաձգուեցաւ

Հակառակ 72 Երեսփոխանի Ներկայութեան` Նախագահական Ընտրութեան Նիստը Դարձեալ Յետաձգուեցաւ

Խորհրդարանը երէկ կէսօրին գումարեց նախագահական ընտրութեան իր նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան 72 երեսփոխաններ: Սակայն նկատի ունենալով, որ նիստին օրինաթիւը 86 է, նախագահական ընտրութեան 36-րդ նիստը դարձեալ յետաձգուեցաւ օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով: Յաջորդ նիստը պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 23 մարտ 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին: Նիստին ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան...

Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ Վերջ Տալու Լիբանանի  Արաբական Ինքնութեան Մասին Բանավէճին

Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ Վերջ Տալու Լիբանանի Արաբական Ինքնութեան Մասին Բանավէճին

Մուքպել եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին ընթացքին կոչ ուղղեց վերջ տալու Լիբանանի արաբական ինքնութեան մասին բանավէճին` նկատի ունենալով, որ այդ մասին կը վկայէ երկրին սահմանադրութիւնը: Պըրրի հաստատեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին չկատարելու պատճառաբանութիւն չկայ: Ան աւելցուց, որ պէտք է համախոհութիւն գոյացնել` նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով: Պըրրի ընդունեց նաեւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն...

Մաշնուք Կը Մերժէ Արաբ Ներքին Գործոց  Նախարարներու Ընդհանուր Ժողովին Կողմէ  Հըզպալլայի Ահաբեկչական Որակուիլը

Մաշնուք Կը Մերժէ Արաբ Ներքին Գործոց Նախարարներու Ընդհանուր Ժողովին Կողմէ Հըզպալլայի Ահաբեկչական Որակուիլը

Նուհատ Մաշնուք Թունուզի մէջ տեղի ունեցող արաբ ներքին գործոց նախարարներու 33-րդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք մերժեց Հըզպալլայի ահաբեկչական կազմակերպութիւն որակուիլը, որ նշուած էր ընդհանուր ժողովին կողմէ տրուած որոշումներուն մէջ: Մաշնուք իր մերժումը յայտնեց արաբ ներքին գործոց նախարարներու ընդհանուր նիստի ներկայ նստաշրջանի նախագահ` Պահրէյնի ներքին գործոց նախարար շէյխ Ռաշետ պըն Ապտալլա Ալ Խալիֆայի հետ հանդարտ քննարկումէ ետք:...

«Նախագահական Ընտրութեան Նիստին  Մասնակցութիւնս Կրնայ Հարցերը Բարդացնել»  Հաստատեց Ֆրենժիէ

«Նախագահական Ընտրութեան Նիստին Մասնակցութիւնս Կրնայ Հարցերը Բարդացնել» Հաստատեց Ֆրենժիէ

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ առաւօտեան կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ նախագահական ընտրութեան երէկուան նիստին իր մասնակցութիւնը կրնար բարդացնել հարցերը: Ան շեշտեց, որ ինք նախագահական ընտրութեան նիստին պիտի մասնակցի իրեն դաշնակից քաղաքական ուժերուն հետ իր կեցուածքը համադրելով: Ան ընդգծեց, որ ինք կը պատկանի Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն, սակայն երբ հանրապետութեան նախագահ ընտրուի, ապա ամբողջ երկրին համար...

Մարտ 26-27 Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին`  Ժամացոյցին Սլաքը Մէկ Ժամ Առաջ Տանիլ

Մարտ 26-27 Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին` Ժամացոյցին Սլաքը Մէկ Ժամ Առաջ Տանիլ

Համաձայն նախարարաց խորհուրդի որոշումին, շաբաթ, 26 մարտէն կիրակի, 27 մարտ լուսցող գիշերուան ընթացքին Լիբանան պիտի սկսի ամառնային ժամանակացոյցի գործադրութեան: Հետեւաբար, շաբաթ կէս գիշերին ժամացոյցին սլաքը մէկ ժամ առաջ պէտք է տանիլ:  

Պասիլ. «Լիբանանեան Բանակին Կատարուելիք  Եւրոպական Օժանդակութիւնը  Լիբանանի Համար Առաջնահերթութիւն Է»

Պասիլ. «Լիբանանեան Բանակին Կատարուելիք Եւրոպական Օժանդակութիւնը Լիբանանի Համար Առաջնահերթութիւն Է»

Ռէյնտերզ եւ Պասիլ Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Ռէյնտերզը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն շարքին պելճիքական ուժերուն մասնակցութիւնը եւ Եւրոպական Միութեան ընդմէջէն Լիբանանի նեցուկ կանգնելու իրականութիւնը: Պասիլ նշեց, որ այս զօրակցութիւնը անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ Լիբանան այս հանգրուանին հիմնական...

Ֆայսալ Քարամէ Շեշտեց Սէուտական  Արաբիոյ Հետ Հեզասահ Յարաբերութիւններուն  Յանձնառու Մնալու Կարեւորութիւնը

Ֆայսալ Քարամէ Շեշտեց Սէուտական Արաբիոյ Հետ Հեզասահ Յարաբերութիւններուն Յանձնառու Մնալու Կարեւորութիւնը

Քարամէ եւ դեսպան Ասիրի Նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-սէուտական իրադարձութիւնները: Քարամէի տեղեկատուական գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպումը եղած է մտերմիկ: Ըստ նոյն հաղորդագրութեան, քննարկուած են նորագոյն իրադարձութիւնները, որոնց լոյսին տակ Քարամէ շեշտած է Ռիատի հետ հեզասահ յարաբերութիւններուն յանձնառու մնալու կարեւորութիւնը:  

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը  Վտանգաւոր Կը Նկատէ Երկրին Մէջ  Տիրող Լարուածութիւնը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Վտանգաւոր Կը Նկատէ Երկրին Մէջ Տիրող Լարուածութիւնը

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը երէկ Պքերքէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին: Նիստին ընթացքին խորհուրդը քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ այդ քննարկումներուն լոյսին տակ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ մտահոգութիւն յայտնուեցաւ Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակին մասին, ինչպէս նաեւ վտանգաւոր նկատուեցաւ երկրին մէջ տիրող լարուածութիւնը, յատկապէս շրջանին մէջ արձանագրուող յարանուանական տագնապին զուգահեռ: Խորհուրդը հաստատեց, որ կառավարութիւնը երկրին...

Page 852 of 986 1 … 851 852 853 … 986

Արխիւներ