
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որ գործուղուած էր Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշիի:
Ժահժահի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի գործակատար Ռիչըրտ Ճոնզ:
Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:


