Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Թունուզ-Լիպիա սահմանամերձ շրջանի Պըն Քարտան շրջանին դէմ հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն գործած յարձակումը եւ կոչ ուղղեց` ահաբեկչութեան դէմ ջանքերը միաւորելու: ՆԱԽԿԻՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կոչ ուղղեց Հըզպալլային` գործադրելու Պաապտայի յայտարարութիւնը եւ հեռանալու Սուրիայէն: ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Իքլիմ Խարրուպի մէջ աղբանոց մը բանալու յոյսեր չկան, հետեւաբար պէտք է վերջ տալ այդ...



















