Քաղաքացիական ընկերութեան հիմնական թեւերէն «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը յայտարարեց, որ շաբաթ, 12 մարտ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին պիտի կատարեն բողոքի ցոյց-քայլարշաւ մը, որ պիտի սկսի Էշրեֆիէի Սեսին հրապարակէն` հասնելու համար մինչեւ Ռիատ Սոլհ հրապարակ:
«Հոտերնիդ ելաւ»-ի պատասխանատուները հաստատեցին, որ այս քայլարշաւը կառավարութեան համար պիտի ըլլայ վերջին առիթ մը` աղբերու տագնապին համար գտնելու աւազակութենէ եւ փտածութենէ զերծ լուծում մը:
«Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը ընդգծեց, որ այդ քայլարշաւէն ետք իրենք կառավարութիւնը եւ խորհրդարանը պիտի նկատեն երկիրը բռնագրաւած իշխանութիւն:
«Հոտերնիդ ելաւ»-ի անդամները շեշտեցին, որ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին իրենք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մանրամասնութեամբ պիտի յայտարարեն իրենց ծրագիրը` հաստատելու համար, որ իրենք այս կամ այն կողմին չեն պատկանիր եւ երկիրը քանդելու նպատակով գումարներ չեն ստանար:


