
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ յետմիջօրէին գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեան երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:
Նիստէն ետք երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան 36-րդ նիստին ընթացքին արձանագրուած ձախողութիւնը` օրինաթիւ գոյացնելու առումով, կ՛ենթադրէ, որ խորհրդարանական պլոքներն ու քաղաքական ուժերը համագործակցին` հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու համար:
Ֆատլալլա յայտնեց նաեւ, որ աղբի տագնապը կը սպառնայ լիբանանցիներուն առողջութեան` կոչ ուղղելով լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն` դրական գործակցութիւն ցուցաբերելու եւ համաձայն գտնուելու առողջապահական չափանիշները ամբողջացնող աղբանոցներու հաստատումին, որպէսզի կարելի ըլլայ աղբին տագնապը վերջնականապէս լուծել:
«Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը ընդգծեց, որ Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը պահպանելու համար անհրաժեշտ է կառչած մնալ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազին, որովհետեւ անիկա միակն է, որ կ՛երաշխաւորէ Լիբանանի գոյութիւնը եւ բոլոր տեսակի սադրանքներուն դիմադրելու անոր կարողութիւնը», ըսաւ Ֆատլալլա` հաստատելով, որ լիբանանեան ապահովութեան խախտումէն օգտուող միակ կողմը Իսրայէլն է:
Ֆատլալլա շեշտեց, որ Հըզպալլայի ազգային եւ իսլամական դերակատարութիւնը պատուաբեր է եւ պատասխանատու, իսկ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի որոշումը անխոհեմ է, յարձակողական եւ դատապարտելի: «Այդ որոշումին պատասխանատուութիւնը կը կրէ Սէուտական Արաբիան, իսկ նման որոշումներ մեզի չեն զարմացներ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ արաբ ներքին գործոց նախարարներուն կողմէ Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատող որոշումը իր կարգին դատապարտելի է:
Այս շրջագիծին մէջ, Ֆատլալլա ողջունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի յանձնառութիւնը` Լիբանանի կառավարութեան կեցուածքին կառչած մնալու առումով:
Ֆատլալլա շեշտեց, որ ՄԱԿ-ի կողմէ որդեգրուած ուրացումի քաղաքականութիւնը` պաղեստինցիներուն դէմ Իսրայէլի գործած սպանդներուն եւ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ եմէնցիներուն դէմ գործուած ցեղասպանութեան նկատմամբ, ամօթի կնիք մըն է եւ միջազգային հաստատութիւններուն նկատմամբ համաշխարհային վստահութիւնը կը խախտէ:
Հակազդեցութիւններու Ալիք
Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին կողմէ Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն որակելու որոշումին մասին երէկ արձանագրուեցաւ հակազդեցութեան հսկայ ալիք մը:
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Հըզպալլա Լիբանանի եւ արաբ ժողովուրդին ճակատը բարձր պահող Դիմադրութիւնն է:
Ամալ շարժումի քաղաքական խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտուեցաւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին որոշումը` հաստատելով, որ Հըզպալլան էր ու կը մնայ Դիմադրութեան դիրքին վրայ:
Պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ հաստատեց, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին որոշումը թշնամի Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու սկսելու նախաքայլ է, ինչպէս նաեւ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան հովանաւորում:
Ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին կողմէ Հըզպալլայի ահաբեկչական կազմակերպութիւն որակուիլը իսրայէլեան որոշումին համալրումն է:
Աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը ազատ է իր որոշումներուն մէջ, սակայն պէտք է իմանալ, որ Հըզպալլա երկրին կառավարութիւնը բաղկացնող մէկ մասնիկն է:
Գաղթականներու հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի շեշտեց, որ Հըզպալլա նոյն երկրին մէջ ապրող մեր եղբայրն է եւ անկարելի է զայն վարկաբեկել:
Նախկին երեսփոխան Նաժահ Ուաքիմ շեշտեց, որ Հըզպալլայի դէմ Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն կողմէ արձանագրուած մագլցողական կեցուածքներուն նպատակն է երկրին մէջ քաղաքացիական պատերազմ բռնկեցնել:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարի արաբական եւ ափրիկեան հարցերու օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեան խստիւ դատապարտեց Ծոցի երկիրներուն կողմէ Հըզպալլայի ահաբեկչական որակուիլը` նկատել տալով, որ նման արարքի մը նախաձեռնել կը նշանակէ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը թիրախ դարձնել:


