
Թունուզի մէջ տեղի ունեցող արաբ ներքին գործոց նախարարներու 33-րդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք մերժեց Հըզպալլայի ահաբեկչական կազմակերպութիւն որակուիլը, որ նշուած էր ընդհանուր ժողովին կողմէ տրուած որոշումներուն մէջ:
Մաշնուք իր մերժումը յայտնեց արաբ ներքին գործոց նախարարներու ընդհանուր նիստի ներկայ նստաշրջանի նախագահ` Պահրէյնի ներքին գործոց նախարար շէյխ Ռաշետ պըն Ապտալլա Ալ Խալիֆայի հետ հանդարտ քննարկումէ ետք: Այս քննարկումին միջամտեց Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարար, գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Նայեֆ պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ եւ պահանջեց այդ կեցուածքը ատենագրութեան մէջ արձանագրել:
Նշենք, որ Իրաքի ներքին գործոց նախարարը իր կարգին մերժած էր այդ որակումը եւ ձեռնպահ մնացած այդ որոշումներուն քուէարկութեան ընթացքին:
Երեկոյեան Մաշնուքի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Մաշնուք ընդհանուր ժողովին ընթացքին դատապարտած է արաբական տարբեր երկիրներու տագնապներուն Հըզպալլայի զինուորական մասնակցութիւնը եւ համաձայն գտնուած է ընդհանուր ժողովէն բխած պաշտօնական հաղորդագրութեան, սակայն մերժած է ընդհանուր ժողովին որոշումներուն մէջ Հըզպալլայի ահաբեկչական որակուիլը` Լիբանանի սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքները պահպանելու յանձնառութեամբ: Այս քայլը Մաշնուք որդեգրած է այդ որոշումներուն քուէարկութեան ընթացքին Իրաքի կողմէ ձեռնպահ մնալու քայլէն ետք, ինչ որ կը նշանակէ, թէ նիստին ընթացքին արդէն իսկ արաբական համախոհութիւն չէ արձանագրուած»:
Միւս կողմէ, Մաշնուք ընդհանուր ժողովին արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ արաբական աշխարհը կը դիմագրաւէ հսկայ մարտահրաւէրներ, որոնք կը սպառնան իր կայունութեան եւ քաղաքացիներուն անվտանգութեան:
Ան նկատել տուաւ, որ այդ մարտահրաւէրներուն դիմադրելու Սէուտական Արաբիոյ որոշումը արաբներուն եւ Իրանի միջեւ հաւասարակշռութիւնը վերահաստատելու սկզբնաքայլն է:
Մաշնուք ընդգծեց, որ իրենք արաբական ինքնութենէն բացի այլընտրանք չունին` շեշտելով, որ ոչ ոք կրնայ արաբներուն ինքնութիւնը փոփոխութեան ենթարկել: