Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պան Քի Մունէն Նամակ` Պասիլին

March 5, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը:

Միւս կողմէ, Պասիլ երէկ Քի Մունէն ստացաւ նամակ մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան վերահաստատումը ՄԱԿ-ի համար պիտի ստեղծեն այնպիսի պայմաններ, որոնց լոյսին տակ պիտի կազմակերպուի սուրիացի գաղթականներուն տունդարձը:

Քի Մուն հաստատեց, որ գաղթականներուն մօտ կամովին տունդարձը կարեւոր է եւ անհրաժեշտ` աւելցնելով, որ գաղթականներուն պաշտպանութեան պարտականութիւնը միջազգային հովանաւորութիւն կ՛ենթադրէ:

Քի Մունի նամակին մէջ շեշտուեցաւ, որ սուրիացի գաղթականներուն տունդարձը ապահովելու համար Սուրիոյ մէջ արմատական փոփոխութիւններ պէտք է կատարուին, «միւս կողմէ, սակայն, ՄԱԿ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ զօրակցելու իրենց երկիրը վերադարձող գաղթականներուն», նշուեցաւ նամակին մէջ:

Նամակին մէջ ողջոյնի արժանացաւ նաեւ Պասիլի այն կեցուածքը, թէ գաղթականները իրենց ներդրումն ու դերակատարութիւնը պէտք է ունենան խաղաղութեան հաստատման եւ Սուրիոյ վերաշինութեան առումով: Այս շրջագիծին մէջ Քի Մուն հաստատեց, որ ատիկա կարելի պիտի ըլլայ իրագործել տագնապին լուծումէն ետք:

Քի Մունի նամակին մէջ նշուեցաւ, որ ՄԱԿ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ լուծելու համար Սուրիոյ տագնապը, ինչպէս նաեւ թեթեւցնելու համար Լիբանանի բեռը:

Նշուեցաւ նաեւ, որ ՄԱԿ ճիգ չի խնայեր սուրիացի գաղթականները դէպի այլ երկիրներ փոխադրելու եւ զանոնք հոն բնակեցնելու իմաստով: Այս շրջագիծին մէջ նամակին մէջ բարձր գնահատուեցաւ Լիբանանի սրտբաց հիւրընկալութիւնը` աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականներու:

«ՄԱԿ պիտի շարունակէ օժանդակել Լիբանանի կառավարութեան` ստանձնելու համար գաղթականներուն արտակարգ պատասխանատուութիւնը: Այս նպատակով ՄԱԿ կը գործէ Միջազգային դրամատան եւ այլ գործընկերներու հետ` հզօրացնելու համար գաղթականները հիւրընկալող երկիրներուն կարողութիւնները», նշուեցաւ նամակին մէջ:

 

 

Նախորդը

Ֆրենժիէ – Արսլան Հանդիպում

Յաջորդը

Ռիչըրտ Ճոնզ Այցելեց Իշխանութեան Երկու Պետերուն Եւ Զօր. Փորթոլանոյի

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.