Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ 72 Երեսփոխանի Ներկայութեան` Նախագահական Ընտրութեան Նիստը Դարձեալ Յետաձգուեցաւ

March 3, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

parliament_030216

Խորհրդարանը երէկ կէսօրին գումարեց նախագահական ընտրութեան իր նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան 72 երեսփոխաններ: Սակայն նկատի ունենալով, որ նիստին օրինաթիւը 86 է, նախագահական ընտրութեան 36-րդ նիստը դարձեալ յետաձգուեցաւ օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:

Յաջորդ նիստը պիտի գումարուի չորեքշաբթի, 23 մարտ 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:

Նիստին ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, որոնք Պըրրիի գրասենեակին մէջ ունեցան հանդիպում մը:

Պըրրիի որոշումով նիստին յետաձգումէն ետք, Ժոմպլաթ մեկնումի պահուն  Հըզպալլան ահաբեկչական նկատող Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի որոշումին մասին հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ. «Մենք Լիբանանի մէջ նման որակում չենք կրնար հանդուրժել: Այս առումով կարելի է եւրոպական շուկայի որակումը որդեգրել, այն իմաստով, որ անոնք կը նշեն, թէ Հըզպալլայի զինուորական թեւը ահաբեկչական է, իսկ քաղաքական թեւը` ոչ»:

Միւս կողմէ, նախքան իր մեկնումը, Հարիրի խորհրդարանէն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ կոչ ուղղեց բոլոր երեսփոխաններուն ուղղուելու խորհրդարան` ընտրելու համար հանրապետութեան յաջորդ նախագահը:

Ան հաստատեց, որ «ներքին առումով Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւնը պիտի շարունակենք, հակառակ անոր որ արտաքին առումով Հըզպալլայի արտաքին գործունէութիւնը ահաբեկչական է»:

Ան նշեց, որ պէտք է Լիբանանը Սուրիոյ տագնապէն չէզոք պահել, որպէսզի անոր հրդեհը Պէյրութ չհասնի:

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի խորհրդարան չներկայանալու պայմաններուն ակնարկելով` Հարիրի յայտնեց, որ իրեն համար անոնք հասկնալի են` հաստատելով, որ ինք ամուր կերպով կառչած կը մնայ Ֆրենժիէի թեկնածութեան:

Իր կարգին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ կոչ ուղղեց զիրենք դիտող երեսփոխանական պլոքներուն վերատեսութեան ենթարկելու իրենց քաղաքական կեցուածքները` աւելցնելով, որ եթէ նախագահական ընտրութեան թեկնածուները իսկապէս կը փափաքին հանրապետութեան նախագահ ընտրուիլ, ապա պէտք է ժողովրդավարական կարգերուն համաձայն ներկայանան խորհրդարան:

Ժեմայէլ ցաւ յայտնեց, որ Լիբանան իր պարզած ներկայ իրավիճակով երրորդ աշխարհի երկիր կը նկատուի` աւելցնելով, որ կառավարութեան աշխատանքը գրեթէ խանգարուած է, եւ այս վիճակով անիկա չի կրնար հանրապետութեան նախագահը փոխարինել:

Նախորդը

Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ Վերջ Տալու Լիբանանի Արաբական Ինքնութեան Մասին Բանավէճին

Յաջորդը

Տաւութօղլու Հայերը Վիրաւորող Եւ Քիւրտերուն Սպառնացող Յայտարարութիւն Կատարած Է

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.