Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 4, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ արաբ ներքին գործոց նախարարներու ընդհանուր ժողովին ընթացքին որդեգրած իր կեցուածքները համադրած է վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ «Քարիթաս» բարեսիրական միութեան դէմ արձակուած փտածութեան ամբաստանութիւններուն` շեշտելով, որ «Քարիթաս»-ը Լիբանանի մէջ թափանցիկութեան խորհրդանիշն է:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է համագործակցիլ եւ փոխըմբռնումի ընդմէջէն կեցուածքները բիւրեղացնել` որոնելով այնպիսի կեցուածքներ, որոնք կը գոհացնեն բոլորը:

ՌԻԱՏԻ համաձայն, Հըզպալլա խանգարած է Լիբանանի քաղաքական կեանքը եւ իր որոշումը ուղղակիօրէն առնչած է իրանեան օրակարգին հետ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Հըզպալլա պէտք է վերադառնայ իր արաբականութեան, որովհետեւ անոր վնասները շատ աւելի մեծ պիտի ըլլան, քան անոր ապահովելիք շահերը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսա Ռիատէն պահանջած է դռները բաց պահել` Լիբանանի նկատմամբ իր որոշումը վերատեսութեան ենթարկելու իմաստով:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Ֆրենժիէի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի միջեւ կապը կարելի չէ խախտումի ենթարկել:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ Լիբանան վտանգի ենթակայ է` աւելցնելով, որ ոմանք կը ջանան թիրախ դարձնել լիբանանեան միասնականութիւնը:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան նախկին նախագահ Ժըպրան Արայժի յայտնեց, որ Ծոցի երկիրները սկսած են լուրջ քայլերու դիմել` ստեղծելու համար համաարաբական խուճապ մը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերը Մազարեհ Շեպաայի մէջ կատարեցին ընդարձակ ռազմափորձեր, որոնց պատճառով հարաւային Լիբանանի մէջ լսուեցան պայթումներ, ինչպէս նաեւ «Էմ. Քա.» տիպի իսրայէլեան հետախուզական օդանաւեր Լիբանանի վերեւ կատարեցին թռիչքներ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի միջեւ խորհրդակցութիւնները եղած են դրական:

 

Նախորդը

Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզի Նախագահութիւնը Կ՛աջակցի Սուրիոյ Մէջ Դաշնակցային Դրութեան Հաստատման Գաղափարին. Սպիտակ Տունը Սուրիոյ Մէջ Բոլոր Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղէ Յարգելու Զինադուլը

Յաջորդը

Ժահժահ Քանաանի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը  Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն  Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»
Լիբանանեան

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»

November 10, 2026
Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք.  Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց,  Որ Մեծ Փոփոխութիւններու  Առջեւ Կանգնած Ենք»
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք. Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց, Որ Մեծ Փոփոխութիւններու Առջեւ Կանգնած Ենք»

November 10, 2026
Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք  Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման  Իրագործման Համար Բանակցութեան»
Լիբանանեան

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման Իրագործման Համար Բանակցութեան»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.