Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ առաւօտեան կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ նախագահական ընտրութեան երէկուան նիստին իր մասնակցութիւնը կրնար բարդացնել հարցերը:
Ան շեշտեց, որ ինք նախագահական ընտրութեան նիստին պիտի մասնակցի իրեն դաշնակից քաղաքական ուժերուն հետ իր կեցուածքը համադրելով:
Ան ընդգծեց, որ ինք կը պատկանի Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն, սակայն երբ հանրապետութեան նախագահ ընտրուի, ապա ամբողջ երկրին համար նախագահ պիտի դառնայ:
Միւս կողմէ, Պնաշհիի մէջ Ֆրենժիէ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որ գործուղուած էր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ:
Հանդիպումէն ետք Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայես շեշտեց, որ քննարկուած են լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ շեշտուած է ներքին լիբանանեան հաշտութիւններուն ամրապնդումը: