
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Դիմադրութեան ուղեգիծին միջոցով իրենք պարտութեան մատնած են Իսրայէլը եւ իրագործած հսկայական ու կարեւոր նուաճումներ` արաբ ազգին վերադարձնելով իր կարողութիւններուն, ապագային եւ իշխանութեան նկատմամբ վստահութիւնը:
«Այս ընթացքը սակայն խանգարեց անհաւատները, որոնք մեզի ահաբեկիչ յորջորջեցին եւ սկսան մեզի դէմ ոճրային արարքներ գործել, որովհետեւ մեր նպատակն է ազատագրել բռնագրաւեալ հողերը, ինչպէս նաեւ ապրիլ անկախ եւ գերիշխան», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան` Քասեմ ըսաւ. «Սէուտական Արաբիան է, որ խոչընդոտած է Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը` մերժելով առաջարկուած հանրապետութեան նախագահը»:
Քասեմ ընդգծեց, որ ներքին լիբանանեան առումով Հըզպալլա գործակցութեան ձեռք կ՛երկարէ քաղաքական բոլոր ուժերուն: