Լիբանանեան

Պըրրի. «Կա՛մ Քաղաքական Համայնքայնութիւնը  Պէտք Է Ջնջել, Եւ Կա՛մ  Համամասնական  Բարեկարգչական Դրութիւն Մը Որդեգրել»

Պըրրի. «Կա՛մ Քաղաքական Համայնքայնութիւնը Պէտք Է Ջնջել, Եւ Կա՛մ Համամասնական Բարեկարգչական Դրութիւն Մը Որդեգրել»

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ երկիրը կը գտնուի զգայուն վիճակի մը մէջ: Պըրրի յայտնեց, որ կա՛մ քաղաքական համայնքայնութիւնը պէտք է ջնջել, եւ կա՛մ համամասնական բարեկարգչական վարչակարգ մը որդեգրել` պահպանելու համար երկրին քաղաքական կայունութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ խորհրդարանի նախագահը աւելցուց, որ ինք տակաւին կը...

«Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներուն  Դէմ Ամէնէն  Վտանգաւոր Ոտնձգութիւններէն  Մէկը Բացայայտուած Է»  Շեշտեց Պութրոս Հարպ

«Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներուն Դէմ Ամէնէն Վտանգաւոր Ոտնձգութիւններէն Մէկը Բացայայտուած Է» Շեշտեց Պութրոս Հարպ

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ բացայայտուած ապօրինի համացանցի կայանը երկրին ազգային անվտանգութեան սպառնացող վտանգ մըն է, յատկապէս նկատի ունենալով, որ իսրայէլեան կարգ մը ընկերութիւններ պատասխանատու են այդ կայանին համացանցի կապը շնորհելու: «Ապօրինի համացանցի կեդրոնները պետական եւ պաշտօնական հաստատութիւններուն կը տրամադրեն համացանցի արագ եւ ձրի ծառայութիւն, սակայն հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը բացայայտած է այս ոճիրը...

Ժոմպլաթ. «Լեռնալիբանանի Հաշտութիւնը  Թող Մուտք Մը Ըլլայ Լիբանանի Հաշտութեան»

Ժոմպլաթ. «Լեռնալիբանանի Հաշտութիւնը Թող Մուտք Մը Ըլլայ Լիբանանի Հաշտութեան»

Ուալիտ Ժոմպլաթ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իր հօր` Քամալ Ժոմպլաթի նահատակութեան 39-ամեակին առիթով կոչ ուղղեց, որ Լեռնալիբանանի մէջ գոյացած հաշտութիւնը ըլլայ մուտք մը Լիբանանի մէջ գոյանալիք ընդհանուր հաշտութեան: Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Լիբանանը ամէն բանէ վեր է, եւ ընկերային հաղորդակցութեան ցանցին մէջ հրապարակեց իր հօր լուսանկարը` անոր կցելով հետեւեալ գրառումը. «Թող այս օրը ըլլայ Լիբանանի եւ Պաղեստինի օրը»:...

Մուսթաքպալ-Հըզպալլա  Երկխօսութեան Է. Նիստ

Այն Թինէի Մէջ. Հըզպալլա – Մուսթաքպալ Երկխօսութեան 26-րդ Նիստը

Հըզպալլա եւ Մուսթաքպալ հոսանքը երէկ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ գումարեցին իրենց միջեւ երկխօսութեան 26-րդ նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարար...

«Հըզպալլա Եւ Իսրայէլ  Խախտած Են Թիւ 1701 Բանաձեւը»  Շեշտեց Պան Քի Մուն

«Հըզպալլա Եւ Իսրայէլ Խախտած Են Թիւ 1701 Բանաձեւը» Շեշտեց Պան Քի Մուն

Պան Քի Մուն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին ներկայացուցած իր տեղեկագիրին մէջ շեշտեց, որ Հըզպալլա եւ Իսրայէլ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը խախտած են: Նոյն տեղեկագիրին մէջ լուսարձակի տակ առնուեցաւ 4 յունուարին իսրայէլեան ուժերու երկու ինքնաշարժներու դէմ Հըզպալլայի կողմէ գործուած յարձակումը, ինչպէս նաեւ 20 յունուարին Իսրայէլի դէմ կատարուած հրթիռարձակումը: Քի Մուն շեշտեց նաեւ, որ Իսրայէլի կողմէ...

Պասիլ – Խարազի Հանդիպում

Պասիլ – Խարազի Հանդիպում

Պասիլ եւ Խարազի Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան մէջ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Ալի Խարազին, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Խարազի մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կատարած է Լիբանանի հոգեւոր պետերուն հետ, Ս. Զատկուան տօնէն ետք զանոնք հոգեւոր վեհաժողովի մը հրաւիրելու նպատակով: ԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթիներու խորհուրդը հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւնը Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներուն լուծման սկզբնաքայլն է: ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի դիւանը երէկ նիստ մը գումարեց` խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազենի գլխաւորութեամբ: Նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը հարուածած է լիբանանեան ներքին...

Վարչապետարանին Մէջ.  «Մթնոլորտը Դրական Է, Իսկ ՀՅԴ Կեդրոնական  Կոմիտէն Այս Գիշեր Կը Յայտնէ  Իր Վերջնական Որոշումը»   Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Վարչապետարանին Մէջ. «Մթնոլորտը Դրական Է, Իսկ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Այս Գիշեր Կը Յայտնէ Իր Վերջնական Որոշումը» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ` ներկայութեամբ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի, Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըրի եւ Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեանի: Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի  յայտնեց, որ մթնոլորտը դրական է` աւելցնելով, որ Պուրճ Համուտի մէջ թափօններու թաղման վայրի մը հաստատումին մասին Կեդրոնական կոմիտէն իր վերջնական...

Պըրրի. «Ոչ Ոք Կրնայ Լիբանանը Հեռացնել  Արաբական Հարցերէն Եւ Դիմադրութենէն

Պըրրի. «Ոչ Ոք Կրնայ Լիբանանը Հեռացնել Արաբական Հարցերէն Եւ Դիմադրութենէն

Մաշնուք եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուիի հետ: Միւս կողմէ, Պըրրիի այցելուները յայտնեցին, որ խորհրդարանի նախագահը լաւատես է շրջանային կացութեան բարելաւման առումով, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այդ մէկը կարելի...

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կը Հաստատէ, Որ Իր Բոլոր Իրաւունքները Պիտի Օգտագործէ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը կարեւոր խորագիր մըն է` երկրին բարգաւաճման առումով, աւելցնելով, որ իրենք առանց պահ մը իսկ վարանելու պիտի նախաձեռնեն այդ դրութեան գործադրութեան: Ժրայսաթի յայտնեց, որ լիբանանցիները երկրին գերիշխանութեան իրաւատէրերն են, ինչպէս նաեւ սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ...

Վարչապետ Սալամ Կոչ Ուղղեց  Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու

Վարչապետ Սալամ Կոչ Ուղղեց Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու

Սպառողներու իրաւունքներու միջազգային օրուան առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին, երէկ վարչապետ Թամմամ Սալամ կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն վերադարձնել օրինականութիւնը: Սալամ ընդգծեց, որ նախագահական աթոռը թափուր պահել կը նշանակէ խոցել Լիբանանի ժողովրդավարական համակարգը: Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանանը դժուար պայմաններէ կ՛անցնի` աւելցնելով, որ ինք համոզուած է, որ լիբանանցիներուն 99 առ հարիւրը կը զօրակցի իր համբերութեան`...

Ֆատլալլա. «Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարը  Զգայուն Է Եւ Այդ Մասին Յանձնախումբը  Երկուշաբթի Օր Նիստ Մը Պիտի Գումարէ»

Ֆատլալլա. «Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարը Զգայուն Է Եւ Այդ Մասին Յանձնախումբը Երկուշաբթի Օր Նիստ Մը Պիտի Գումարէ»

Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա երէկ կէսօրէ առաջ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան տեղեկատուութեան մարզին վերաբերող շարք մը օրէնքներ, որոնք պիտի յայտարարուին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին` ներկայութեամբ տեղեկատուութեան մարզի ներկայացուցիչներուն: Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ բացայայտուած ապօրինի համացանցի թղթածրարին` Ֆատլալլա յայտնեց, որ անիկա զգայուն հարց է`...

«Դիմադրութեան Դէմ Սէուտական Արաբիոյ Արշաւը Արտայայտութիւնն Է Իր Քաղաքականութեան Ձախողութեան» Շեշտեց Շէյխ Նայիմ Քասեմ

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Դիմադրութեան դէմ Սէուտական Արաբիոյ մղած արշաւը, որուն շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ նաեւ Հըզպալլայի` «ահաբեկչական կազմակերպութիւն» որակումը, պարզապէս յուսահատական պայքար մըն է եւ կ՛արտայայտէ շրջանին մէջ իր որդեգրած քաղաքականութեան ձախողութիւնը: Շէյխ Քասեմ հաստատեց, որ Հըզպալլա լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ երկխօսութիւնը պիտի շարունակէ` հսկելով երկրին ապահովական կայունութեան եւ ներքին լիբանանեան անվտանգութեան:    

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Դատապարտեց Փղոսկրեայ Ափունքի Եւ Թուրքիոյ  Ահաբեկչական Գործողութիւնները

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դատապարտեց Փղոսկրեայ Ափունքի Եւ Թուրքիոյ Ահաբեկչական Գործողութիւնները

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ խստիւ դատապարտեց Փղոսկրեայ Ափունքի մայրաքաղաք Ապիճանի մէջ գործուած ահաբեկչական գործողութիւնը` ցաւակցութիւն յայտնելով այդ երկրի ժողովուրդին եւ կառավարութեան, ինչպէս նաեւ այն պետութիւններուն, որոնց քաղաքացիները զոհ գացին ահաբեկչական այդ արարքին: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց նաեւ Անգարան հարուածած պայթումը` ընդգծելով, որ շրջանին եւ աշխարհին մէջ ահաբեկչութեան թափը հասած է մարդկութեան դէմ սպառնալիք դառնալու մակարդակի եւ անհրաժեշտ է, որ այսօր...

Քուէյթ Կը Զգուշացնէ Հըզպալլան,  Իսկ Պահրէյն Կը Վտարէ Հըզպալլայի Հետ  Կապ Ունեցող Լիբանանցիներ

Քուէյթ Կը Զգուշացնէ Հըզպալլան, Իսկ Պահրէյն Կը Վտարէ Հըզպալլայի Հետ Կապ Ունեցող Լիբանանցիներ

Քուէյթի արտաքին գործոց փոխնախարար Խալետ Ժարալլա յայտնեց, որ իրենք տեղեակ են, որ Հըզպալլա Լիբանանի կառավարութիւնը եւ խորհրդարանը բաղկացնող հիմնական շերտերէն է` մաղթելով, որ Հըզպալլա մեղսակից չդառնայ արաբական ազգային անվտանգութիւնը հարուածող գործողութեան մը: Միւս կողմէ, Պահրէյնի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ իր հողերուն վրայ ապրող, սակայն Հըզպալլայի հետ կապեր ունեցող կարգ մը լիբանանցիներ վտարած է երկրէն: Պահրէյնի ներքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց,...

Անժելինա Ժոլի Այցելեց Սաատնայէլի  Սուրիացիներու Գաղթակայանը

Անժելինա Ժոլի Այցելեց Սաատնայէլի Սուրիացիներու Գաղթակայանը

Անժելինա Ժոլիի մամլոյ ասուլիսէն պահ մը Գաղթականներու հարցերու ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ, ամերիկացի հանրածանօթ դերասան Անժելինա Ժոլի երէկ Լիբանանի մէջ այցելեց սուրիացի գաղթականներուն: Ժոլիի այցելութիւնը Սուրիոյ պատերազմի բռնկումին 5-ամեակին առիթով էր: Հակառակ օդերեւութաբանական աննպաստ պայմաններուն, Ժոլի Սաատնայէլի սուրիացիներու գաղթակայանին մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ուրախութիւն յայտնեց Լիբանան վերադառնալուն առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց առատաձեռն լիբանանցիներուն, որ մեծապէս կ՛օժանդակեն սուրիացի գաղթականներուն`...

«Մենք Համաձայնութիւն Չենք Յայտնած  Եւ Պիտի Չյայտնենք, Մինչեւ  Պարզաբանումներ Կատարուին»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Մենք Համաձայնութիւն Չենք Յայտնած Եւ Պիտի Չյայտնենք, Մինչեւ Պարզաբանումներ Կատարուին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Լիբանանը տառապեցնող աղբի տագնապին համար կառավարութեան սահմանած լուծումն ու անոր գործադրութիւնը սերտելու շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ շեշտեց, որ եթէ Պուրճ Համուտի աղբի լեռը չվերացուի, ապա պէտք է մոռնալ Պուրճ Համուտի մէջ թափօններու թաղման վայրի կառուցումը: «Նախքան որեւէ քայլի մասին մեր համաձայնութիւնը շնորհելը, կ՛ուզենք գործադրուելիք ծրագիրին մանրամասնութիւնները գիտնալ, իսկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին տրուելիք նիւթական...

Հարիրի. «Մենք Կը Զօրակցինք  Բանակին Եւ Ապահովութեան Ուժերուն»

Հարիրի. «Մենք Կը Զօրակցինք Բանակին Եւ Ապահովութեան Ուժերուն»

Քահուաժի, Մուքպել եւ Հարիրի Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին քանի մը օրուան անձնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Ֆրանսա: Միւս կողմէ, Հարիրի երէկ այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Հանդիպումին միացաւ նաեւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել: Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ իրենց կարգախօսը այն է, որ իրենք կը զօրակցին բանակին եւ ապահովութեան...

«Հոտերնիդ Ելաւ» Արշաւը  Կը Դիմէ Մագլցողական  Քայլերու, Իսկ Կառավարութիւնը  Կը Գումարէ Ապահովական Նիստ Մը

«Հոտերնիդ Ելաւ» Արշաւը Կը Դիմէ Մագլցողական Քայլերու, Իսկ Կառավարութիւնը Կը Գումարէ Ապահովական Նիստ Մը

Կառավարութեան կողմէ աղբերու տագնապին լուծման տարբերակը մերժող քաղաքացիական ընկերութեան «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւին անդամները երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին փակեցին Պէյրութի մուտքերը` Տորայի, Խալտէի եւ Հազմիէի շրջաններէն: «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւին որդեգրած մագլցողական այս քայլը տեւեց շուրջ մէկուկէս ժամ, որմէ ետք անոնք շեշտեցին, որ իրենց համար մերժելի է աղբի տագնապի որեւէ լուծում, որ առողջապահական չէ: Անոնք ընդգծեցին, որ իրենց մագլցողական քայլերը պիտի շարունակեն:...

«Պատրաստեցէք Ձեր Բազուկները. Մեր  Նպատակները Իրականացնելու Համար  Պիտի Օգտագործենք Բոլոր Միջոցները»  Շեշտեց Զօր. Աուն

«Պատրաստեցէք Ձեր Բազուկները. Մեր Նպատակները Իրականացնելու Համար Պիտի Օգտագործենք Բոլոր Միջոցները» Շեշտեց Զօր. Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ «Հապթուր» պանդոկին մէջ ներկայ գտնուեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան տարեկան ընթրիքի երեկոյին, որուն ընթացքին անդրադարձաւ 14 մարտ 1989-ին մղուած ազատագրութեան պատերազմի 27-ամեակին: Զօր. Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տակաւին չենք հասկցած ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան իմաստը` աւելցնելով, որ իրենք կը փորձեն ընդարձակել ժողովրդավարութեան մշակոյթը, որուն իբրեւ արդիւնք թերեւս կարելի կ՛ըլլայ բարձրացնել...

Page 848 of 986 1 … 847 848 849 … 986

Արխիւներ