
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան մէջ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Ալի Խարազին, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Խարազի մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:


