Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պատրաստեցէք Ձեր Բազուկները. Մեր Նպատակները Իրականացնելու Համար Պիտի Օգտագործենք Բոլոր Միջոցները» Շեշտեց Զօր. Աուն

Մարտ 15, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

General-Aoun_31416

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ «Հապթուր» պանդոկին մէջ ներկայ գտնուեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան տարեկան ընթրիքի երեկոյին, որուն ընթացքին անդրադարձաւ 14 մարտ 1989-ին մղուած ազատագրութեան պատերազմի 27-ամեակին:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տակաւին չենք հասկցած ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան իմաստը` աւելցնելով, որ իրենք կը փորձեն ընդարձակել ժողովրդավարութեան մշակոյթը, որուն իբրեւ արդիւնք թերեւս կարելի կ՛ըլլայ բարձրացնել քաղաքականութեան մշակոյթին հանդէպ լիբանանեան ընկերութեան մակարդակը:

«Մենք դիմադրեցինք, պաշտպանեցինք եւ սուղ վճարեցինք ազատութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ ազատ գաղափարի, մտքի ու խօսքի իրաւունքը պահպանելու գինը», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն նշեց, որ իրենք արտաքին ուժերու եւ երկիրներու հետ թշնամանալու հաւանականութենէն կը խուսափին, սակայն կը մերժեն, որ անտեսուի երկիրը եւ անոր սահմաններն ու հողային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու իրենց իրաւունքը:

«Ներքին լիբանանեան արժէքներէն են բազմազանութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ զանազանել իսկական բարեկամութեան եւ արտաքին ուժերու պատկանելիութեան միջեւ: Մենք կը նախընտրենք իսկական բարեկամութիւնները», շեշտեց ան:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ իրենք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ համաձայնած են իրենց կամքով եւ Լիբանանի գերագոյն շահերուն հսկող ժողովուրդին կամքով:

«Մենք երազած ենք եւ կ՛երազենք ունենալ բարգաւաճ երկիր մը եւ ոչ թէ սահմանադրական փճացած հաստատութիւններով, օրինազանցութիւններով լեցուն, եւ երկարաձգուած պաշտօնավարութեամբ գործող ապօրինի խորհրդարան ունեցող երկիր մը», շեշտեց զօր. Աուն:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ երկրին վէրքը բուժող դեղը ընտրական օրէնքն է: Ան պահանջեց համամասնական օրէնքի մը որդեգրումը, որպէսզի կարելի ըլլայ սրբագրել ընտրական այն օրէնքը, որ մշակուած է 1992-ին` լիբանանցիներուն 13 առ հարիւրին քուէով ընտրուած խորհրդարանի մը կողմէ:

«Իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելով` խորհրդարանը կորսնցուցած է ժողովրդային իր օրինականութիւնը եւ հետեւաբար կորսնցուցած է հանրապետութեան նախագահ ընտրելու իր իրաւասութիւնը: Մեզի մեղադրեցին նախագահական ընտրութիւնը արգելակելու յանցանքով, սակայն մենք օրինականութիւն պիտի չշնորհենք անոր, որ օրինականութիւնը կորսնցուցած է», ըսաւ զօր. Աուն:

Ան շեշտեց, որ 11 տարի առաջ 14 մարտին, ոմանք իրենց կարգախօսները եւ պատմութիւնը փորձեցին գողնալ, սակայն թայուանական 14 մարտը ձախողեցաւ եւ կանգուն մնաց իսկականը:

«Ուղղակի հանրաքուէի դրութեամբ նախագահական ընտրութիւն առաջարկեցինք, սակայն մերժեցին զայն: Պատրաստեցէք ձեր բազուկները. մեր նպատակները իրականացնելու համար պիտի օգտագործենք բոլոր միջոցները», հաստատեց զօր. Աուն:

 

Նախորդը

Մարտ 14-ի Յեղափոխութեան 11-Ամեակը` Մեկնելով Տարբեր Դիտանկիւններէ

Յաջորդը

«Հոտերնիդ Ելաւ» Արշաւը Կը Դիմէ Մագլցողական Քայլերու, Իսկ Կառավարութիւնը Կը Գումարէ Ապահովական Նիստ Մը

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?