Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Ոչ Ոք Կրնայ Լիբանանը Հեռացնել Արաբական Հարցերէն Եւ Դիմադրութենէն

March 16, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մաշնուք եւ Պըրրի
Մաշնուք եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուիի հետ:

Միւս կողմէ, Պըրրիի այցելուները յայտնեցին, որ խորհրդարանի նախագահը լաւատես է շրջանային կացութեան բարելաւման առումով, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այդ մէկը կարելի կրնայ դառնալ իրանեան-սէուտական յարաբերութիւնները հեզասահ դարձնելով:

Պըրրի յայտնած է, որ ոչ ոք Լիբանանը կրնայ հեռացնել արաբական հարցերէն եւ Դիմադրութենէն, սակայն Լիբանան իր կարգին ունի իւրայատկութիւններ, որոնք ծանօթ են բոլորին:

«Ոչ ոք կրնայ Լիբանանը հեռու պահել Դիմադրութենէն, երբ անոր Դիմադրութիւնը ուսանելի դասեր տուաւ բոլորին` Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած հողերը ազատագրելու, ինչպէս նաեւ թշնամի Իսրայէլը պարտութեան մատնելու իմաստով», շեշտեց ան` աւելցնելով սակայն, որ Լիբանան արաբներուն նկատմամբ պէտք է հաւասարակշռուած մնայ:

Պըրրի ընդգծեց, որ այս հանգրուանին կարեւորագոյն առաքելութիւնը կը մնայ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններու սրբագրումը` ուղղել կարենալու համար շրջանին կացութիւնը:

Նշենք, որ Պըրրի ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Փղոսկրեայ Ափունքի նախագահ Հասան Ուաթարայի` դատապարտելով Ապիճանի մէջ գործուած ահաբեկչական յարձակումը:

 

Նախորդը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կը Հաստատէ, Որ Իր Բոլոր Իրաւունքները Պիտի Օգտագործէ

Յաջորդը

Վարչապետարանին Մէջ. «Մթնոլորտը Դրական Է, Իսկ ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Այս Գիշեր Կը Յայտնէ Իր Վերջնական Որոշումը» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.