
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին քանի մը օրուան անձնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Ֆրանսա:
Միւս կողմէ, Հարիրի երէկ այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:
Հանդիպումին միացաւ նաեւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել:
Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ իրենց կարգախօսը այն է, որ իրենք կը զօրակցին բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն` դիմադրելու համար Լիբանանին սպառնացող վտանգներուն:
«Շրջանին մէջ կը դիմագրաւենք դժուար եւ զգայուն հանգրուան մը, եւ բանակին կը զօրակցինք` Լիբանանը քանդել փափաքող բոլոր փորձերուն դէմ», ըսաւ ան:
Հարիրի յայտնեց, որ արաբները Լիբանանին օժանդակած են` յոյս յայտնելով, որ ապագային ամէն բան աւելի լաւ ըլլայ:
«ՏԱՀԵՇ իսլամականութիւնը չի ներկայացներ եւ մենք համոզուած ենք, որ մեր արաբ եղբայրները մնայուն կերպով Լիբանանին նեցուկ պիտի կանգնին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակին կատարուած սէուտական նուիրատուութիւնը արդէն իսկ սառեցուած է, սակայն մենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք հաստատելու համար, որ մենք բանակին կը զօրակցինք, եւ որ բանակը բոլոր լիբանանցիներուն կը պատկանի:
Պատասխանելով Հըզպալլայի մասին հարցումի մը` Հարիրի յայտնեց, որ Հըզպալլա երկիրը բաղկացնող մասնիկ մըն է` աւելցնելով, որ ինք չի փափաքիր Հըզպալլայի մասին խօսիլ, որպէսզի բաժանումներ չարձանագրուին:
«Մարտ 14-ի առիթով փափաքեցայ պաշտպանութեան նախարարութիւն այցելել, որովհետեւ այս օրուան ընթացքին ոմանք հրահանգեցին ժողովուրդին վրայ կրակ բանալ, սակայն բանակը իր զինուորներով եւ հրամանատարութեամբ պաշտպանեց յեղափոխութիւնն ու ժողովուրդը: Բանակը այս առաքելութիւնը գործադրած է ամէն վայրկեան` իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին», ըսաւ Հարիրի:
Ան ընդգծեց, որ Մարտ 14-ը ինք չի մարմնաւորեր, ո՛չ ալ քաղաքական ուժերը, այլ` Նահատակաց հրապարակ ուղղուած լիբանանցիները:


