Կառավարութեան կողմէ աղբերու տագնապին լուծման տարբերակը մերժող քաղաքացիական ընկերութեան «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւին անդամները երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին փակեցին Պէյրութի մուտքերը` Տորայի, Խալտէի եւ Հազմիէի շրջաններէն:
«Հոտերնիդ ելաւ» արշաւին որդեգրած մագլցողական այս քայլը տեւեց շուրջ մէկուկէս ժամ, որմէ ետք անոնք շեշտեցին, որ իրենց համար մերժելի է աղբի տագնապի որեւէ լուծում, որ առողջապահական չէ: Անոնք ընդգծեցին, որ իրենց մագլցողական քայլերը պիտի շարունակեն:
Նշենք, որ վարչապետ Սալամ յետմիջօրէին նախագահեց ապահովական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր եւ այլ ապահովական պատասխանատուներ:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ ներկայացուեցան այդ ծրագիրները, որոնք կը միտին Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդել:
Նիստին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ահաբեկչութեան դէմ բանակին մղած պայքարին:
Վարչապետ Սալամ բանակի եւ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներէն պահանջեց հետեւիլ աղբի տագնապին համար կառավարութեան ճշդած լուծման գործադրութեան, ինչպէս նաեւ դիմել անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն` արգիլելու համար օրէնքներու եւ կանոններու խախտումը: