Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Կա՛մ Քաղաքական Համայնքայնութիւնը Պէտք Է Ջնջել, Եւ Կա՛մ Համամասնական Բարեկարգչական Դրութիւն Մը Որդեգրել»

Մարտ 17, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը
Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ երկիրը կը գտնուի զգայուն վիճակի մը մէջ:

Պըրրի յայտնեց, որ կա՛մ քաղաքական համայնքայնութիւնը պէտք է ջնջել, եւ կա՛մ համամասնական բարեկարգչական վարչակարգ մը որդեգրել` պահպանելու համար երկրին քաղաքական կայունութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ խորհրդարանի նախագահը աւելցուց, որ ինք տակաւին կը սպասէ երեսփոխանական ենթայանձնախումբին մշակելիք ընտրական օրինագիծին, որպէսզի այդ մասին պատրաստէ տեղեկագիր մը` զայն ներկայացնելու համար Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին:

Պըրրի շեշտեց, որ այդ տեղեկագիրին ներկայացումէն ետք, քաղաքական իւրաքանչիւր կողմ պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը:

«Լիբանանի մէջ պետական հաստատութիւններուն իրար անցած ներկայ վիճակը խիստ մերժելի է, իսկ խորհրդարանին գործունէութիւնը աշխուժացնելու առումով մենք լուրջ ենք, եւ այդ մասին քննարկումներ պիտի կատարուին Ազգային երկխօսութեան յաջորդ նիստին ընթացքին», ըսաւ ան:

Պըրրի ընդգծեց նաեւ ապօրինի համացանցի օգտագործման թղթածրարին ստեղծած գայթակղութեան հետեւելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ անիկա միայն աւելի քան կէս միլիառ տոլարի նիւթական վնաս չէ պատճառած, այլեւ ոտնձգութիւններ գործած է Լիբանանի ապահովութեան եւ գերիշխանութեան դէմ:

Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն անունով, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահը տեղեակ է Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի աշխատանքներէն` աւելցնելով, որ խորհրդարանը կը հետեւի ապօրինի համացանցի թղթածրարին լուծման:

Ֆատլալլա, որ կը նախագահէ այդ յանձնախումբին, ընդգծեց, որ յանձնախումբին գումարելիք երկուշաբթի օրուան նիստին պիտի մասնակցի նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ` քննարկելու համար մսխումները, ինչպէս նաեւ ապօրինի այդ համացանցին ընդմէջէն կատարուած արտաքին լրտեսումներու հարցը:

Ֆատլալլա նշեց, որ խորհրդարանը տակաւին արթուն կը հսկէ փտածութեան դէմ մղուած պայքարին, ինչպէս նաեւ ազգային անվտանգութեան պաշտպանութեան` հսկելով կառավարութեան եւ նախարարներուն աշխատանքներուն:

Միւս կողմէ, Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ նախանցեալ օր Այն Թինէի մէջ ռուս բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին խորհրդարանի նախագահը ընդգծած է, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին լաւ եւ հմուտ խաղացող մըն է: «Ան Սուրիայէն հեռանալու որոշումով գնդակը զետեղեց բոլորին դաշտերուն մէջ, որպէսզի բոլոր կողմերը մասնակցին Սուրիոյ տագնապին լուծման», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

«Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներուն Դէմ Ամէնէն Վտանգաւոր Ոտնձգութիւններէն Մէկը Բացայայտուած Է» Շեշտեց Պութրոս Հարպ

Յաջորդը

Բացայայտուած Ապօրինի Համացանցին Լոյսին Տակ Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Ընթացիկ Նիստը

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?