Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներուն Դէմ Ամէնէն Վտանգաւոր Ոտնձգութիւններէն Մէկը Բացայայտուած Է» Շեշտեց Պութրոս Հարպ

March 17, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

harb_pc_31616

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ բացայայտուած ապօրինի համացանցի կայանը երկրին ազգային անվտանգութեան սպառնացող վտանգ մըն է, յատկապէս նկատի ունենալով, որ իսրայէլեան կարգ մը ընկերութիւններ պատասխանատու են այդ կայանին համացանցի կապը շնորհելու:

«Ապօրինի համացանցի կեդրոնները պետական եւ պաշտօնական հաստատութիւններուն կը տրամադրեն համացանցի արագ եւ ձրի ծառայութիւն, սակայն հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը բացայայտած է այս ոճիրը եւ գրաւած այդ կեդրոններուն համացանց սփռելու սարքերը, ինչպէս նաեւ կը շարունակէ հետապնդել անոր նետած արմատները», ըսաւ ան:

Հարպ շեշտեց, որ այս օրինազանցութեան պատասխանատուներուն դէմ համապատասխան պատիժները պիտի որդեգրուին դատական իշխանութիւններուն կողմէ:

Ան ընդգծեց, որ ինք հաւատարիմ կը մնայ թափանցիկութեան սկզբունքին` աւելցնելով, որ ազգային առումով Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն իրաւունքներուն դէմ ամէնէն վտանգաւոր ոտնձգութիւններէն մէկը բացայայտուած է: Հարպ նշեց, որ հսկայ կարողութիւններ ի գործ դրուած են համացանցի ծառայութիւն ապահովող այս հսկայ սարքերը փոխադրելու Լիբանանի արեւմտեան լեռնաշղթայ:

Այս շրջագիծին մէջ Հարպ հարց տուաւ պատասխանատուներուն, թէ այդ սարքերը ինչպէ՞ս կարելի եղած է Լիբանան փոխադրել:

«Այս թղթածրարին դիմաց անկարելի է լուռ մնալ, յատկապէս երբ մեզի համար յստակ դարձած է, թէ Լիբանանի վերաբերող տեղեկութիւններ կրնան թշնամիին հասած ըլլալ, ինչպէս նաեւ այն, որ Լիբանանի նիւթական կորուստը հասած է ամսական 5 միլիոն տոլարի», ըսաւ Հարպ:

Ան նշեց, որ այս դէպքին պատասխանատուները բացայայտելու հետապնդումները պիտի շարունակուին, իսկ մեղսակիցներէն ոմանք արդէն իսկ փոխանցուած են Լեռնալիբանանի աւագ քննիչ դատախազին:

 

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ. «Լեռնալիբանանի Հաշտութիւնը Թող Մուտք Մը Ըլլայ Լիբանանի Հաշտութեան»

Յաջորդը

Պըրրի. «Կա՛մ Քաղաքական Համայնքայնութիւնը Պէտք Է Ջնջել, Եւ Կա՛մ Համամասնական Բարեկարգչական Դրութիւն Մը Որդեգրել»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.