Սպառողներու իրաւունքներու միջազգային օրուան առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին, երէկ վարչապետ Թամմամ Սալամ կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն վերադարձնել օրինականութիւնը:
Սալամ ընդգծեց, որ նախագահական աթոռը թափուր պահել կը նշանակէ խոցել Լիբանանի ժողովրդավարական համակարգը:
Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանանը դժուար պայմաններէ կ՛անցնի` աւելցնելով, որ ինք համոզուած է, որ լիբանանցիներուն 99 առ հարիւրը կը զօրակցի իր համբերութեան` աւելցնելով, որ ինք պիտի շարունակէ ստանձնել իր պարտականութիւնները:
Սալամ Ճշդեց Ս. Զատկուան Եւ Աւետման
Տօներուն Առիթով Պետական Արձակուրդները
Վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ուրբաթ, 25 մարտ 2016-ին պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան Աւագ ուրբաթ օրուան առիթով:
Նոյն շրջաբերականին մէջ նշուեցաւ, որ Ս. Զատկուան տօնին առիթով հաստատութիւնները փակ պիտի մնան երկուշաբթի, 28 մարտ 2016-ին, իսկ երկուշաբթի, 4 ապրիլ 2016-ը արձակուրդի օր պիտի նկատուի` Աւետման տօնին առիթով: