Մարտ 14-ի Յեղափոխութեան 11-Ամեակը` Մեկնելով Տարբեր Դիտանկիւններէ
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ Մարտ 14-ի յեղափոխութեան 11-ամեակին առիթով կուսակցութեան անունով ծաղկեպսակներ զետեղեց նահատակ լիբանանցիներու շիրիմներուն: Անոնց շարքին էին նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի, Պասել Ֆլէյհան, Սամիր Քասիր, Ժորժ Հաուի, Ժըպրան Թուէյնի, Փիեռ Ժեմայէլ, Ուալիտ Իտօ, Անթուան Ղանեմ, Ֆրանսուա Հաժ, Ուիսամ Իտ, Սամեր Հաննա, Ուիսամ Հասան եւ Մոհամետ Շաթահ: Ժեմայէլ «Թուիթըր»-ի իր հաշիւով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Պիտի մնանք հաւատարիմ`...
















