Ֆրանսայի Նախագահը Ռայի Պատրիարքին Հետ Քննարկեց Նախագահական Ընտրութեան Հարցը
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երէկ Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, նախագահական ընտրութեան թղթածրարը, Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային եւ տնտեսական տագնապը, Լիբանանի վրայ շրջանային տագնապներուն ունեցած տնտեսական եւ քաղաքական հետեւանքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանին կրած ծանր բեռը գաղթականները հիւրընկալելու եւ անոնց կարիքները հոգալու առումով: Այս շրջագիծին մէջ, Ռայի պատրիարքը Հոլլանտէն պահանջեց...


















