Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չենք Ընդունիր Լուսանցքայնացուիլ, Եւ Մեր Իրաւունքն Է Մասնակցիլ Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութեանց» Յայտարարեց Սեւակ Յակոբեան

May 4, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sevag-Hagopian_40316

«Հաւաքուած ենք հոս «չենք ընդունիր լուսանցքայնացուիլ» կարգախօսով` յայտարարելու համար Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութեանց մասնակցելու մեր իրաւունքը», յայտարարեց ՌԱԿ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենադպիր Սեւակ Յակոբեան` երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:

«Մենք մաս կը կազմենք լիբանանեան կառոյցին եւ չենք ընդունիր լուսանցքայնացուիլ ու այնպէս մը ձեւացնել, թէ մենք գոյութիւն չունինք կամ ներկայ չենք Պէյրութի քաղաքապետական քաղաքական-ընկերային դասաւորումներուն մէջ», ընդգծեց Սեւակ Յակոբեան:

«Մենք հաւատարիմ մնացինք եւ չշեղեցանք նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի ուղեգիծէն եւ մասնակից դարձանք բոլոր այն քայլերուն, որոնք կ՛առնչուին Մարտ 14-ի դաշինքին` անոնց մէջ գտնելով այն, ինչ որ կը համընկնի մեր հաւատքին` գերիշխանութեան, ազատութեան եւ անկախութեան», ընդգծեց Ս. Յակոբեան: Ան դիտել տուաւ, որ «այս կացութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ 2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները, երբ Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ Սաատ Հարիրիի գլխաւորած ընտրացանկի պատասխանատուները օրին թելադրեցին մեզի, որ երեսփոխան Ժան Օղասապեանը մեզ ներկայացնէ փոխան կուսակցական ընկերոջ մը»:

«Կը գիտակցէինք, թէ այդպիսով պիտի կորսնցնենք մեր կուսակցական աթոռը, սակայն ընդունեցինք այն վստահութեամբ, թէ Օղասապեան լաւագոյնս պիտի ներկայացնէ մեզ եւ հայ հասարակութիւնը», նշեց Յակոբեան եւ աւելցուց. «2010-ի քաղաքապետական ընտրութեանց շրջանին դարձեալ չունեցանք մեր ներկայացուցիչը հակառակ այդ գծով մեր պահանջին, այսուհանդերձ ճիգ չխնայեցինք նպաստելու Հարիրիի զօրակցութիւնը վայելող ընտրացանկի յաջողութեան` այն յոյսով, որ յաջորդ ընտրութեան կը հատուցուին մեր իրաւունքները»:

«Չենք ընդունիր լուսանցքայնացուիլ, այցելեցինք Հարիրիին եւ յիշեցուցինք, թէ ի՛նչ պատահեցաւ 2009-ին եւ 2010-ին եւ իրմէ հասկցանք, թէ կրնայ նկատի ունենալ մեր պահանջը, սակայն ընտրացանկի պատրաստութեան ատեն պատասխան չստացանք», շեշտեց Յակոբեան` դիտել տալով, որ զարմանքով հետեւած են «Պէյրութցիներու ցանկ»-ի յայտարարութեան, ըստ որուն, անիկա կը ներկայացնէր Պէյրութի բոլոր քաղաքական ուժերը, «ինչ որ իրաւազրկումի եւ յուսալքութեան զգացումի մթնոլորտ ստեղծեց մեր մօտ` տարիներու հաւատարմութենէ եւ ճիգերէ ետք»:

Արդարեւ, ոչ իսկ անդամ մը ունեցանք Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ, որ կ՛ըսուի, թէ կը ներկայացնէ բոլորը, ինչ որ արդար չէ», ընդգծեց ան:

 

Նախորդը

Ռուսիա Կը Պնդէ Թուրք-Սուրիական Սահմանի Փակումին Վրայ. «Յառաջիկայ Ժամերուն Հալէպի Մէջ Կրնայ Զինադադար Հաստատուիլ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Ընտրական Օրէնքի 17 Առաջարկներու Քննարկման Նիստը Պիտի Շարունակուի Յառաջիկայ Երկուշաբթի

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Իրենց Ժամկէտին Տեղի Ունենան, Որովհետեւ Արտերկրի Դիմաց Մեր Հաւաստիութիւնը Կ՛ամրապնդեն»

January 22, 2026
Այն Թինէ Այցելելով`   Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»
Լիբանանեան

Այն Թինէ Այցելելով` Պու Սաապ. «Պըրրի Ըսաւ, Որ Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին` 1 Մայիսին Պիտի Կայանան Ներկայ Օրէնքին Հիմամբ»

January 22, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Սահմանադրական Ժամկէտներն Ու Գործող Օրէնքը Յարգելու Մեր Դիրքորոշումը Յայտնեցինք»
Լիբանանեան

Այցելելով Նախագահ Աունին` Պասիլ. «Ընտրութիւններուն Սահմանադրական Ժամկէտներն Ու Գործող Օրէնքը Յարգելու Մեր Դիրքորոշումը Յայտնեցինք»

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.